ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՏՈՒԱՐՏՕ ԷՐՆԷՔԵԱՆԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանը, որ միեւնոյն ժամանակ երկրի Ազգային հերոսի կոչման արժանացած է:

Ողջունելով Էտուարտօ Էրնէքեանը՝ Նիկոլ Փաշինեան ուրախութիւն յայտնեց զինքը հերթական անգամ Հայաստանի մէջ տեսնելով։ Իր խօսքին մէջ Նիկոլ Փաշինեան՝ մասնաւորապէս, նշեց. «Ձեր այցը, այսպիսի հանդիպումները միշտ կարեւոր են, որովհետեւ դուք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կարեւոր ներդրողներէն մէկն էք եւ մասնաւորապէս՝ Սփիւռքի կարեւորագոյն ներդրողներէն մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Հետեւաբար՝ ձեր ներդրումային տրամադրութիւնները, կը կարծեմ, կը կանխորոշեն նաեւ ընդհանուր ներդրումային տրամադրութիւնը Հայաստանի մէջ: Մեր երկիրը շատ դժուար փորձութիւններու միջով անցաւ: Ընդամէնը օրեր առաջ՝ յունիսի 20-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, մեր կառավարութիւնը վերահաստատեց իր ունեցած լիազօրութիւնը՝ «Ապագայ կայ» կարգախօսի ներքոյ: Եւ յոյս ունիմ, որ ձեր աշխատանքային օրակարգը ու տրամադրութիւնը եւս ուղղուած է մեր երկրի տնտեսական լաւատեսութիւնը եւ ապագայի նկատմամբ հաւատը վերականգնելու: Այստեղ ձեր անձնական դերակատարումը շատ կը կարեւորենք»:

Իր կարգին, Էտուարտօ Էրնէքեան շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակի կապակցութեամբ եւ յաւելեց. «Շատ զգացուած եմ ձեր խօսքերէն: Ցաւօք, համավարակը փոփոխութիւններ մտցուց մեր բոլորի օրակարգին մէջ՝ թէ՛ ժամանակի, թէ՛ տարածութեան եւ թէ չուերթներու առումով, բայց, կարծես, թէ այդ մէկը արդէն կը յաղթահարենք ու ես այստեղ եմ։ Չէի ուզեր, որ երկար ժամանակ անցնէր, կ՚ուզէի հնարաւորինս արագ գալ եւ ձեզ շնորհաւորել յաղթանակի կապակցութեամբ, որովհետեւ այդ շատ կարեւոր է եւ մենք ի սկզբանէ կ՚աջակցէինք ձեր յաղթանակին»: Ապա Էրնէքեան նշեց, որ հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ Հայաստանի մէջ զանազան ոլորտներէ ներս ներդրումային ծրագրեր կատարել ու կարեւորեց կառավարութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը։ «Հիմա բանակցութիւններ կը վարենք դրամատան մը հետ։ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան բնագաւառի լաւ աճ կը տեսնենք եւ, բարեբախտաբար, շուտով նոր ներդրում կ՚առաջարկենք օդանաւակայանաշինութեան բնագաւառէն ներս: Իմ զարմիկը՝ Մարթինը, որ ներկայիս կը ղեկավարէ այդ բնագաւառը, շուտով կը ժամանէ Հայաստան, որպէսզի կապ հաստատէ այն անձի հետ, զոր դուք կը նշէք, բնականաբար, քննարկելու ներդրումային ծրագիրը», ըսաւ Էրնէքեան: 

Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ գինիի եւ խաղողագործութեան բնագաւառի զարգացումներուն ու ըսաւ. «Մենք կրցանք կանխատեսել, ներդնել եւ բարեփոխել զայն: Բարեբախտաբար, այսօր այդ գինիները տարածուած են ամբողջ Եւրոպայի մէջ»:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Էտուարտօ Էրնէքեան քննարկեցին Հայաստանի մէջ «Արմենիա» միջազգային օդակայաններու ընկերութեան կողմէ ձեռնարկուած ծրագրերը։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ՝ յիշեալ ընկերութեան կառավարման յանձնուած Երեւանի «Զուարթնոց» եւ Կիւմրիի «Շիրակ» օդակայաններու զարգացման, ենթակառուցուածքներու բարելաւման, վերանորոգման եւ ապագայ օգտագործման վերաբերեալ հարցերու։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Էտուարտօ Էրնէքեանին պատկանող ընկերութիւններու կողմէ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած կամ նախատեսուած այլ գործարար ծրագրերու շուրջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 13, 2021