ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԸ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ Է «INTERNATIONAL PROPERTY AWARDS»Ի ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ
Դիլիջանի Միջազգային դպրոցը (UWC Dilijan College) արժանացած է միջազգային հեղինակաւոր «International Property Awards»ի մրցանակին «Հանրային ծառայութիւններու զարգացում» ոլորտին մէջ (Public Services Development):
«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի հանրային կապերու բաժնին համաձայն՝ այս դասին մէջ նկատի կ՚առնուին այնպիսի չափանիչներ, ինչպէս՝ շինարարութեան որակը, համակարգի ենթակառոյցներու տեղաբաշխումը, շէնքի դիրքը, ճարտարապետական եւ նախագծային լուծումները, ինչպէս նաեւ «բնապահական» ճարտարագիտութիւններու կիրարկումը:
«International Property Awards»ի փորձագէտներու կողմէ յատուկ ուշադրութեան արժանացած է կառոյցին ճարտարապետական հայեցակարգը. բարձր կը գնահատուին այն նախագիծերը, որոնք կը միաւորեն գեղագիտական տեսքն ու շահագործման յարմարաւէտութիւնը:
Դափնեկիրներու պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Սեպտեմբերի 22-ին, Լոնտոնի մէջ։
«International Property Awards»ը հիմնադրուած է 1995 թուականին, ներկայիս միջազգային ամենահեղինակաւոր մրցանակներէն մէկն է։
Դիլիջանի Միջազգային դպրոցը (DIS) բարեսիրական սեփական նախագիծ է, որուն նախաձեռնած է Sberbank CIB-ի համաղեկավար Ռուբէն Վարդանեան։ Նախագիծի ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 150 միլիոն տոլար։ Դպրոցը նախատեսուած է տարբեր երկիրներ ներկայացնող 650 աշակերտներու եւ 60 ուսուցիչներու համար։ Դպրոցի շրջանաւարտները կը ստանան Միջազգային պաքալորէայի վկայական։
2013 թուականի Հոկտեմբերին, Դիլիջանի Միջազգային դպրոցը դարձած է «Աշխարհի միացեալ գոլէճներ» կրթական ցանցի (United World Colleges-UWC) լիիրաւ անդամ եւ կոչուած է UWC Dilijan, իսկ Նոյեմբերին դպրոցը ստացած է IB World School (International Baccalaureate-Միջազգային պաքալորէա) կարգավիճակը։