ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԹՈՒԱԾԱՀԱՐ
Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան քաղաքներուն մէջ զբօսաշրջութիւնը լրջօրէն կը տուժէ ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով։ «Վաթան» օրաթերթի այսօրուան հաղորդումներով, Վան քաղաքին ալ այս ծիրին մէջ կը վիճակի էական բաժին։ Վանի մէջ պանդոկներու զբաղուածութեան համեմատութիւնը իջած է մինչեւ 30 տոկոսի։ Հարցը սահմանափակ չէ միայն իջեւանման համեմատութեամբ, այլ մեծ անկում մը կ՚ապրուի ժողովներու եւ կառոյցներու հաւաքոյթներուն կտրուածքով։ Բազմաթիւ պատուէրներ ջնջուած են։
Զբօսաշրջական ուղեցոյց մը տեղեկացուցած է, որ Վանայ լիճի Ախթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Սեպտեմբերին նախատեսուած արարողութիւններու արտասահմանէն մասնակցելիք խումբերն ալ ջնջած են իրենց պատուէրները։
Ըստ նոյն տուեալներուն, մինչեւ Հոկտեմբեր վերոյիշեալ շրջաններէն ներս զբօսաշրջութիւնը այժմէն կը համարուի ջնջուած։