ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Նախ­կին դա­տա­խազ­ներ՝ Զէ­քէ­րիա Էօզ եւ Ճե­լալ Քա­րա այս օ­րե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նեն երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ա­նոնք խոյս տուած են Թուր­քիա­յէն, ճիշդ այն հանգ­րուա­նին, երբ ի­րենց դէմ ձեր­բա­կալ­ման ո­րո­շում տրուե­ցաւ պատ­կան մար­մին­նե­րուն կող­մէ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, զա­նա­զան լրա­տուա­մի­ջոց­ներ տե­ղե­կա­ցու­ցած են, որ ա­նոնք Վրաս­տա­նի վրա­յով ան­ցած են Հա­յաս­տան։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը չեն հաս­տա­տած այս տուեալ­նե­րը։ Ե­րէկ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանն ալ Ան­գա­րա­յի մէջ կազ­մա­կերպուած հա­ւա­քոյ­թի մը ըն­թաց­քին ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ անդ­րա­դար­ձաւ այդ տուեալ­նե­րուն, թէ զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցին պատ­կա­նող այդ դա­տա­խազ­նե­րը մեկ­նած են Հա­յաս­տան։

Մինչ այդ, հայ­կա­կան զա­նա­զան լրա­տուա­մի­ջոց­ներ ե­րէկ թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ թրքա­կան կող­մը կը հեր­քէ դա­տա­խազ­նե­րու Հա­յաս­տան խոյս տուած ըլ­լա­լու վար­կա­ծը եւ ա­նոնք ներ­կա­յիս կը փնտռուին Քիե­ւի մէջ։

Հարկ է նշել, որ Ան­գա­րա­յի մէջ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւնն ու այլ պատ­կան մար­մին­ներ ար­դէն անհ­րա­ժեշտ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ձեռ­նար­կած են՝ Զէ­քէ­րիա Էօ­զի եւ Ճե­լալ Քա­րա­յի պա­րա­գա­յին մի­ջազ­գա­յին ո­րո­նում ա­պա­հո­վե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լը կը գրէ, որ այս շրջագ­ծով պաշ­տօ­նա­կան գրու­թիւն­ներ ու­ղար­կուած են նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ուք­րայ­նոյ ար­դա­րա­դա­տա­կան մար­մին­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015