ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿ
Իրանի Արտահանման եւ զարգացման դրամատունը (EDBI) եւ Հայաստանի «Հայուն» ընկերութիւնը երէկ պայմանագիր մը ստորագրեցին 400 քիլօվոլթ հզօրութեամբ, երկու բաժիններէ բաղկացեալ ելեկտրահաղորդման երրորդ գծի շինարարութեան շուրջ։ 83 միլիոն եւրօ արժողութեամբ նախագիծ մըն է այս մէկը, որ պիտի գանձատրուի EDBI-ի կողմէ։ «Իրնա» գործակալութեան հաղորդումներով, ընդհանուր արժողութեամբ 107.9 միլիոն եւրօ կ՚արժէ այս նախագիծը եւ այդ գումարին 83 միլիոնն է, որ պիտի տրամադրուի EDBI-ի կողմէ։ Նախագիծը պատրաստ պիտի ըլլայ տասնութ ամսուան ընթացքին։ Դրամատան պատասխանատուները տեղեկացուցին, որ Իրանի «Սունիր» ընկերութիւնը պիտի սկսի ծրագրի գործողութիւններու փուլին։
Երկու երկիրներուն միջեւ երեք տարի առաջ եւս ստորագրուած էր նման պայմանագիր մը, որ սակայն սառեցուած էր ժամանակի ընթացքին։ Ներկայիս ելեկտրահաղորդման գծի հզօրութիւնը կը կազմէ 300 մեկավաթ եւ այդ մէկը անկարելի է օգտագործել ելեկտրական ուժանիւթի հետագայ մատակարարման համար։ Երբ պատրաստ ըլլայ կառուցուելիք երրորդ գիծը, ապա երկու բաժիններով ելեկտրականութեան մատակարումը պիտի կազմէ 700 քիլօվոլթ։ Իսկ երկու երկիրներու միջեւ ելեկտրական ուժանիւթի փոխանակման ընդհանուր ծաւալը պիտի հասնի մինչեւ 1000 մեկավաթ։ Այս նոր՝ երրորդ գծի կառուցմամբ Իրանի ելեկտրական ուժանիւթի ազգային գիծին պիտի միանան Թուրքիա, Վրաստան եւ Ռուսաստան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս գործարքին մասնակից է Հայաստանի Բարձրավոլթ ելեկտրացանցերու (HVEN) ընկերութիւնը, որ կը ներկայացնէ երկրի Ուժանիւթի նախարարութիւնը։ Գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստան եւ Իրան վերաստորագրած են ելեկտրահաղորդման երրորդ գծի կառուցման մասին պայմանագիրը։ Այս ծրագրին շնորհիւ Իրան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ելեկտրական ուժանիւթ արտահանել դէպի Կովկասի երկիրներ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան այս առաւօտ յայտարարեց, թէ Իրանի հետ ելեկտրահաղորդման երրորդ գծի կառուցման աշխատանքները պիտի սկսին յաջորդ շաբաթ։ Հայաստանի կառավարութեան ժողովի սկիզբին Յովիկ Աբրահամեան յայտնեց, որ Իրանի հետ համագործակցութիւնը յատկապէս ուժանիւթի ոլորտէն ներս պիտի նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու զգալի աճին։ Ըստ իրեն, Իրան Հայաստանի համար կարեւոր երկիր մըն է, երկու ժողովուրդները ունին դարաւոր պատմութիւն։ Վարչապետը լիայոյս է երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները նոր մակարդակի մը վրայ դնելու ուղղութեամբ։ Հայկական կողմը ջանք պիտի չխնայէ օգտագործելու համար բոլոր հնարաւորութիւնները։
Երեւան եւ Թեհրան այս ծրագրին թափ տուած են՝ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ գոյացած միջազգային համաձայնութեան մթնոլորտին մէջ։