ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ՇՓՈՒՄ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա եւ Ի­րան հա­մա­կար­ծիք են Սու­րիոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։

Ան­գա­րա­յի եւ Թեհ­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յիս կը ջա­նան մէկ կող­մէ զար­գաց­նել ի­րենց երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, իսկ միւս կող­մէ՝ սերտ կա­պի մէջ կը մնան տա­րած­քաշր­ջա­նի հար­ցե­րուն շուրջ։ Ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քարն ալ, այս ամ­բող­ջին մէջ, մաս կը կազ­մէ ա­նոնց ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու շար­քին։

Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի Թուր­քիա տուած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու հա­սա­րա­կաց օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ բո­լոր նի­ւթե­րը քննար­կուին ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Այս­պէս, Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց իր ի­րան­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցը։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ, եր­կու նա­խա­րար­նե­րը սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Պեշ­թե­փէի պա­լա­տին մէջ, Զա­րիֆ ըն­դու­նուե­ցաւ նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հիւր նա­խա­րա­րը այ­ցե­լեց Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղով։ Խորհր­դա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս ան ա­կա­նա­տես ե­ղաւ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին ըն­թաց­քին կա­տա­րուած ռմբա­կո­ծում­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րուն։ Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմն ալ ըն­դու­նեց Ճե­ւատ Զա­րի­ֆը։

Իր պաշ­տօ­նակ­ցին հետ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Չա­վու­շօղ­լու մատ­նան­շեց, որ եր­կու եր­կիր­նե­րը ու­նին երկ­կող­մա­նի հա­րուստ օ­րա­կարգ մը։ Այս շրջագ­ծով Ան­գա­րա­յի մէջ քննար­կուած են քա­ղա­քա­կան, ա­ռեւտ­րա­կան, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ ու­ժա­նիւ­թի ո­լորտ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։ Հարկ է նշել, որ թրքա­կան կող­մը Ի­րա­նէն զեղչ կ՚ակն­կա­լէ՝ բնա­կան կա­զի սա­կագ­ի­նի պա­րա­գա­յին։ Շեշ­տուե­ցաւ, որ լուրջ հե­տաքրք­րու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի՝ փո­խա­դարձ ներդ­րում­նե­րը ա­ւելց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ «Մե­զի կը վի­ճա­կի՝ նպաս­տել գոր­ծա­րար­նե­րուն», ը­սաւ Չա­վու­շօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ եր­կու եր­կիր­նե­րը որ­դեգ­րած են ի­րենց ա­ռեւ­տու­րի ծա­ւա­լը 30 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի մա­կար­դա­կին հասց­նե­լու նպա­տա­կը։

Կող­մե­րը մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թիւն ըն­ծա­յե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րուն նկատ­մամբ. ինչ­պէս՝ Ի­րա­քի, Եէ­մէ­նի եւ Ծո­ցի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, բնա­կա­նա­բար Սու­րիոյ տագ­նա­պին ա­ռըն­թեր։ «Այն աշ­խար­հագ­րու­թեան մէջ, ուր կ­­՚ապ­րինք, Թուր­քիա եւ Ի­րան կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նին խնդիր­նե­րու լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ Չա­վու­շօղ­լու։ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին ա­ռըն­չու­թեամբ, մաս­նա­ւո­րա­պէս այդ երկ­րի ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տի ճա­կա­տագ­րին շուրջ կող­մե­րը ու­նին տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ։ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու շեշ­տեց, որ ինչ­պէս միշտ՝ Թուր­քիա եւ Ի­րան պի­տի շա­րու­նա­կեն մնալ երկ­խօ­սու­թեան մէջ։ Կող­մե­րը հա­մա­միտ են՝ հրա­դա­դա­րի եւ Ժը­նե­ւի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու տե­ւա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ «Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, բա­զում խնդիր­նե­րու շուրջ հա­մա­կար­ծիք ըլ­լա­լը չ՚ա­պա­հո­վեր ար­դիւնք մը։ Կա­րե­ւո­րը ար­դիւն­քի մը հաս­նիլն է», ը­սաւ նա­խա­րա­րը եւ ա­ւել­ցուց, որ Ան­գա­րա­յի եւ Թեհ­րա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը թափ պի­տի ստա­նայ՝ Սու­րիոյ մէջ մշտա­կան լուծ­ման մը հաս­նե­լու ճա­նա­պար­հին։

Ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի ա­ռանց­քին շուրջ ալ Չա­վու­շօղ­լու յայտ­նեց, որ խտիր չեն դներ ՓԺԱՔ-ի, ՓՔՔ­-ի կամ ՓԵՏ-ի մի­ջեւ։ Այդ բո­լո­րը կը սպառ­նան ինչ­պէս Թուր­քիոյ եւ Ի­րա­նի, այն­պէս ալ ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նի անվ­տան­գու­թեան։

Իր կար­գին, Զա­րիֆ նշեց, որ Ի­րան միշտ Սու­րիոյ վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն շուրջ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն պա­հած է Թուր­քիոյ հետ, դրա­կան ի­մաս­տով։

Հիւր նա­խա­րա­րը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ու ող­ջու­նեց ար­ձա­նագ­րուած ար­դիւնք­նե­րը։ Ի­րան պատ­րաստ է նպաս­տել՝ Ան­գա­րա-Մոս­կուա հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա՛լ ա­ւե­լի զար­գաց­ման։ «Մեր ե­րեք եր­կիր­նե­րուն նշա­նա­կու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է՝ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խա­ղա­ղու­թեան եւ ան­դոր­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ», ը­սաւ ա­ն։

Շաբաթ, Օգոստոս 13, 2016