ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը եւ Պէյրութ

Այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ լոյս կ՚ընծայէ բացառիկ համար մը եւս։ Թէեւ ծաւալով ընթացիկ, սակայն բովանդակութեամբ բացառիկ թիւ մըն է այս մէկը։ Թերթս ներկայիս կը գտնուի իր հրատարակութեան 110-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Հայ մամուլին տեսակէտէ յատկանշական այս տարեդարձը նշուեցաւ նաեւ Պէյրութի մէջ։ Որպէս աշխարհի անընդհատ լոյս տեսնող ամենաերկարակեաց հայերէն օրաթերթը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ կ՚ընդունուի հայ մամլոյ նահապետ եւ տարեդարձի շրջանի յոբելենական հանդիսութիւններն ալ առիթ կը հանդիսանան անոր յարատեւութեան նշանակութեան, առաքելութեան շարունակականութեան լիարժէք ըմբռնման։

Պէյրութի յոբելենական ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախաձեռնութեամբ։ Սփիւռքեան այս եզակի գիտական օճախի երդիքին տակ, ինչու չէ, նուիրական յարկին տակ, անոր հիւրընկալմամբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին նշուիլը խոր իմաստ մը վերագրեց ներկայ տարեդարձին։ Պէյրութի ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ կարճ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մայրաքաղաքը։

Այս առթիւ պարտք կը զգանք մեր անկեղծ երախտագիտութիւնը յայտնել՝ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանին, որու ազնիւ տնօրինութեամբ ու հովանաւորութեամբ կեանքի կոչուեցաւ յոբելենական հանդիսութիւնը։ Հայտոսթեանի մարմնաւորած կերպարը իսկապէս մեծ պատիւ կը բերէ սփիւռքեան մեր գիտնականներու, մտաւորականներու փաղանգին։ Արդարեւ, ան մասնագիտական հեղինակութիւնը, վարչական կարողութիւններն ու մարդկային առաքինութիւնները միացուլած է եւ իր վայելած յարգանքով, բարձր վարկով կը խորհրդանշէ՝ հայ ժողովուրդի մեր ժամանակներու երթը ուշադիր դիտարկելու եւ խորաթափանց վերլուծելու հետամուտ տիպար ակադեմականը։

Շնորհակալութեան պարտք մըն ալ ունինք Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տագէսեանի նկատմամբ։ Իր դերակատարութիւնը իսկապէս անփոխարինելի էր։ Ան այս ձեռնարկը կազմակերպելու համար այնպիսի մեծ եռանդով մը աշխատած էր, որ շնորհակալութեան բոլոր արտայայտութիւնները կրնան մնալ մակերեսային։ Ակադեմական իր լայն փորձառութենէն կամ գիտնականի իր կշիռէն անկախ, մենք զինքը կ՚ողջունենք՝ որպէս գիտակից անհատ, որ անսահման հաւատ կը տածէ հայ մամլոյ առաքելութեան նկատմամբ։

Մեր այսօրուան թիւին մէջ ներկայացուած են Պէյրութի հանդիսութեան մանրամասնութիւնները։ Բաց աստի, լոյս կ՚ընծայենք նոյն շարժառիթով մեզի հասած երկու շնորհաւորականներու, որոնցմէ մին ստորագրուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, իսկ միւսը՝ յայտնի հրապարակագիր Պարոյր Աղպաշեանի կողմէ։ Շնորհակալ ենք նաեւ իրենց։

Լիբանանահայութեան մօտ ներկայիս վառ հետաքրքրութիւն մը նկատելի է՝ թրքահայութեան նկատմամբ։ Ուստի, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելենական հանդիսութիւնն ու Արա Գօչունեանի այցելութիւնը առիթ դարձան նաեւ այդ հետաքրքրութեան կարելի չափով յագեցման։ Սա միանշանակօրէն պէտք է դասուի ձեռքբերումներու շարքին։

110-ամեակի առթիւ Պէյրութի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 1 մարտ 2018-ին։ Ներկայ թիւը բաւական յապաղումով կը հրատարակուի՝ առաւել չափով թեքնիկ զանազան պատճառներով։ Բայց եւ այնպէս, քանի տակաւին յոբելենական շրջանը կը շարունակուի՝ յապաղումն ալ կ՚երեւի ներեալ համարուի նոյն տրամաբանութեամբ։

Իսկ ընդհանրապէս տարեդարձի տրամադրութիւնները արդարացնելու առումով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի միակ ապաւէնն է՝ ընթերցողներուն հետ կառուցած ոսկէ կամուրջը։ Այստեղ կայ ամուր յարաբերութիւն մը, որ այս թերթի պարագային կը կամրջէ դարերը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018