ՏԵՍԻԼՔԻ ՊՏՈՒՂՆԵՐ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեակին առթիւ Պէյրութի մէջ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի հրաւէրով եւ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ տարեդարձի այս ձեռնարկը։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան այս առթիւ այցելել Պէյրութ, ուր հիւրընկալուեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

ԱՍՈՒԼԻՍԻ ԵՐԵԿՈՅԹ

Բուն յոբելենական հանդիսութիւնը նախատեսուած էր բաց ասուլիսի մը ձեւաչափով։ Ներկայ էին համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան, լիբանանահայ մամլոյ ներկայացուցիչներ, մտաւորական շրջանակներէն դէմքեր եւ այլ հիւրեր, ինչպէս նաեւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքի պատասխանատուներէն Անի Կարմիրեան, որ այդ օրերուն զուգադիպութեամբ կը գտնուէր Պէյրութ։ Սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տագէսեան, որ նշեց, թէ բառ չկայ գնահատելու համար ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անցած ուղին, առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը։ Տագէսեան աւելցուց, որ մօտաւոր անցեալին Պոլսոյ եւ Պէյրութի, նաեւ ընդհանուր առմամբ Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներուն միջեւ շփումները շատ սահմանափակ էին, իսկ վերջին տարիներուն սկսաւ ձիւնահալ մը։ Ան բացատրեց, որ այժմ հետաքրքրութիւնը թէեւ մեծ է, սակայն պոլսահայ իրականութեան մասին տեղեկութիւնները սահմանափակ կը մնան։

Ապա խօսքը տրուեցաւ Արա Գօչունեանին, որ ներկայացուց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հակիրճ պատմութիւնը, անցած ուղին, դիմագրաւած հիմնախնդիրները, տարածման հարցերը, անդրադարձաւ բովանդակութեան, կանգ առաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յարաբերութիւններուն ու ծաւալած համագործակցութեան վրայ սփիւռքահայ մամուլին հետ։ Ան մասնաւորապէս մատնանշեց թերթիս հին համարներու թուայնացման մտադրութիւնները։

Ամփոփ, սակայն ընդգրկուն այս մուտքէն վերջ տեղի ունեցաւ հարցում- պատասխանի բաժին մը, որու ընթացքին Արա Գօչունեան ներկաներուն բացատրութիւններ տուաւ Պոլսոյ պատրիարքութեան, պոլսահայ համայնքային կեանքին, մամուլին ու մանաւանդ կրթական հաստատութիւններուն մասին։

Համալսարանին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ հանդիսութիւնը բացառիկ եւ աննախադէպ առիթ մըն էր, որ ներկայ հանրութիւնը՝ լիբանանահայ կրթական, մշակութային, գրական շրջանակները եւ մամուլի նախանձախնդիր խմբագիրներն ու գրչի մարդիկ անմիջական շփման մէջ մտնեն Արա Գօչունեանի հետ, մօտէն ծանօթանան իրեն հետ եւ վերահասու դառնան իր լուսաբանութիւններուն եւ բացատրութիւններուն։

Հաւաքոյթի աւարտին խօսք առաւ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան, որու արտայայտութիւնները ներկայացուած են առանձնապէս։ Ապա Հայտոսթեան եւ Գօչունեան փոխանակեցին յուշանուէրներ։ Թերթիս խմբագիրը յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Անդրանիկ Տագէսեանին։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պէյրութի կեցութեան օրերուն Արա Գօչունեան այցելեց լիբանանահայ կրօնական, կրթական, մամուլի, հրատարակչական զանազան հաստատութիւններ։ Այսպէս, ան Հայկազեան համալսարանի խորհուրդի հայազգի անդամներուն հետ ունեցաւ մասնաւոր զրոյց մը, նաեւ այցելեց համալսարանի գրադարանը։ Բաց աստի, համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնէն ներս ան մասնակցեցաւ Անդրանիկ Տագէսեանի դասարանի աշակերտներուն հետ դասաժամի մը։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ ան կատարեց ուխտի աղօթք մը՝ մանաւանդ, որ թերթիս հիմնադիր Միսաք Գօչունեան եղած էր Կիլիկեան Աթոռի Այնթապի երբեմնի ճեմարանի սաներէն։ Անթիլիասի մէջ ան շրջեցաւ նաեւ գրադարանը, արխիւն ու թանգարանը։

Լիբանանահայ կրթական կեանքին շուրջ տարրական պատկերացում մը կազմելու տեսակէտէ հետաքրքրական էին այցելութիւնները՝ դէպի Հայ Աւետարանական քոլէճ (տնօրէն Տքթ. Արմէն Իւրնեշլեան եւ նախկին տնօրէն Զաւէն Մըսըրլեան) եւ Զալքայի Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ վարժարանը (տնօրէն Արամ Գարտաշլեան)։

Լիբանանահայ երեք օրաթերթերու խմբագրատուններուն մէջ մթնոլորտը հարազատ էր։ Արա Գօչունեան «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի եւ գործակիցներուն հետ զրուցեց ջերմօրէն։ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի հետ զրոյցի առընթեր, թերթիս խմբագրին հետ հարցազրոյց մը ունեցաւ երիտասարդ խմբագիրներէն Յակոբ Կիւլիւզեան։ «Արարատ» օրաթերթի խմբագրատան մէջ Արա Գօչունեան նոյն ջերմութեամբ հիւրընկալուեցաւ գլխաւոր խմբագիր Անի Եփրեմեանի եւ տնօրէն Սահակ Ղարիպեանի կողմէ։ Թերթիս խմբագիրը հարցազրոյցներ ալ տուաւ «Վանայ Ձայն» եւ «Ռատիօ Սեւան» ձայնասփիւռի կայաններուն։

Արա Գօչունեան Պէյրութի մէջ քաղաքավարական այցելութիւններ ալ տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին։

Հայկազեան համալսարանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ Արա Գօչունեանի շփումներու լոյսին տակ մատնանշուեցաւ հետեւեալը. այս այցելութիւնը որոշակի շօշափելիութիւն մը հաղորդեց պոլսահայ իրականութեամբ շահագրգռուած լիբանանահայ մտաւորականութեան ըմբռնումներուն, վերաձեւեց զանոնք, առարկայականացուց եւ հիմնաւորեց տեսակէտեր, ինչպէս եւ բարեփոխեց այլ պատկերացումներ։

Նման այցելութիւններ կը ծառայեն հայօճախներու աւելի ճշգրիտ փոխճանաչումին, կը նպաստեն պատկերացումներու յստակացումին, որ կրնայ դուռ բանալ դրական հեռանկարներու։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018