ՄԵՐԺԵԼԻ ՉԱՓՈՐՈՇԻՉՆԵՐ

Հայաստանի մէջ այս շրջանին կ՚իրականացուին կրթական բարեփոխումներ, որոնք լուրջ մտահոգութիւններու պատճառ կը դառնան հանրային կարծիքին մօտ։ Այս բարեփոխումները կը նախատեսեն հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան առարկաներու դասաժամերու կրճատումը։ Իշխանութիւնները կը նախատեսեն նաեւ հանրակրթական ծրագրերէն դուրս թողուլ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան։ Բազմաթիւ մասնագէտներ ահազանգ կը հնչեցնեն, որ ազգայինի եւ Եկեղեցւոյ դէմ արշաւ մը խնդրոյ առարկայ է այստեղ։ «Փաստ» կայքէջը վերջերս հաղորդեց, որ տարեսկիզբէն ի վեր «Սորոս» հիմնադրամի գրասենեակը հանրակրթական ծրագրէն «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան դուրս թողելու վերաբերեալ մօտաւորապէս մէկ տասնեակ փակ քննարկում կազմակերպած է։ Այս կապակցութեամբ առանձնապէս աշխուժութիւն կը ցուցաբերեն այն հասարակական կազմակերպութիւններն ու անհատները, որոնք այդ հիմնարկին հետ ածանցուած են եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի գանձատրումով կը սնուին։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ արձագանգ գտած զանազան լուրերու, պնդումներու եւ խորհրդածութիւններու առընթեր ձայն կը բարձրացնեն նաեւ երկրի մասնագիտական շրջանակները։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էր Երեւանի Պետական համալսարանի Հայկական բանասիրութեան ֆաքիւլթէին կողմէ հրապարակուած կարծիքը։ Իշխանութիւններու կողմէ կազմուած ծրագրերու եւ որդեգրուած չափանիշներու լոյսին տակ յիշեալ ֆաքիւլթէին կողմէ բարձրաձայնուեցաւ, որ գրականութեան եւ հայոց լեզուի նախագծերը ամբողջութեամբ մերժելի են ու խոտելի եւ անոնց մէջ կ՚արճակատուի լեզուի դերը։ Համալսարանի յայտարարութեան մէջ ցաւալի համարուած է, որ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը հանրութեան կը ներկայանայ այսօրինակ փաստաթուղթով մը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2020