ՔՈՃԱ ԽՕՍԵՑԱՒ ԾԱՆՐ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդը երէկ գումարեց ժողով մը։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճայի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս ժողովը, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան մօտալուտ վերամուտի վերաբերեալ հարցերը։ Ըստ նախարար Քոճայի, խորհուրդը յարմար կը նկատէ, որ յառաջիկայ մէկ ամսուան տեւողութեան երես առ երես կրթութիւնը չվերսկսի Թուրքիոյ մէջ։ Աստիճանաբար պէտք է ըլլայ այդ անցումը։ Երկրէն ներս վարակի շրջանային ծաւալումներ խնդրոյ առարկայ են։ Նախազգուշական միջոցներու նկատմամբ հնազանդութիւնը տակաւին բաղձալի մակարդակի վրայ չէ։ Այս հարցին մէջ թուլացումը պատճառ կրնայ դառնալ, որ այս օրերը փնտռուին։ Մասնաւորապէս հոկտեմբեր, նոյեմբեր ամիսներուն պաղառութիւններն ալ շրջանառութեան մէջ պիտի մտնեն եւ վարակի ծաւալման վտանգը պիտի բարձրանայ։ Եթէ վարակի ծաւալումը շարունակուի ներկայ թափով, ապա անհրաժեշտ կրնայ ըլլալ ծանր նախազգուշական միջոցներու վերադարձը՝ որքան որ ալ անբաղձալի ըլլայ այդ բանը։ Նախարարը տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շրջանին համաճարակի դէմ պայքարելու համար նոր կարգադրութիւններ պիտի կատարուին եւ հաղորդակցութեան բնոյթով նոր աշխատանքներ պիտի իրականացուին։

Մինչ այդ, երէկ երեկոյեան ժամերուն Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, համաճարակի սկիզբէն ի վեր երէկ ամենաբարձր թիւով քննութիւնը կատարուեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Երէկ, 67 հազար 237 քննութիւն կատարուեցաւ Թուրքիոյ մէջ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1212 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 18 հոգի զոհ գնաց համաճարակին, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 934։ Ներկայ դրութեամբ 632 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։ Քոճա շեշտեց, որ ծանր պարագաները աւելցած են 15 տոկոսով։ «Իւրաքանչիւր հիւանդ կը նշանակէ վարակուած ընտանիք մը։ Իւրաքանչիւրս զգոյշ ըլլանք բոլորիս համար», կոչ ուղղեց Ֆահրետտին Քոճա։

Միւս կողմէ, Ազգային կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուք երէկ հանդէս եկաւ մօտալուտ վերամուտի վերաբերեալ յայտարարութիւններով։ Ըստ նախարարին, 2020-2021 կրթական շրջանը օգոստոսի 31-ին պիտի սկսի հեռավար դրութեամբ։ Սեպտեմբերի 21-էն վերջ անցում պիտի կատարուի երես երեսի կրթութեան։ Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը այս շրջանին շատ ազդու ձեւով կը հակակշռէ վարժարանները։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2020