«ՊԱՏՈՒԱՍՏԸ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ՏԱՅ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻՆ»

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ չպատուաստուած քաղաքացիներու թիւը իջած է 19 միլիոնի։

Մինչ կը մօտենայ 2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտը, քորոնաժահրի համաճարակին վերաբերեալ վիճակագրութիւնները վերստին անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան հանրային կարծիքին կողմէ։ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ երէկ հրապարակուած վերջին տուեալներով՝ նոր վարակեալներու թիւը 22 հազար 261 է։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուայ ընթացքին կատարուած է 281 հազար 535 քննութիւն եւ յիշեալ թիւը ստուգուած է այս նմուշառումներու հիման վրայ։

Նախարարութիւնը հերթական անգամ յիշեցուց, որ համաճարակը պատուաստումներու շնորհիւ վերջ պիտի գտնէ։

Իր կարգին, նախարար Ֆահրետտին Քոճա ընկերային ցանցերու վրայ հերթական անգամ ընդգծեց, որ նոր վարակումներու թիւը հակակշռելու համար կայ երկու մեծ հնարաւորութիւն. մէկ կողմէ նախազգուշական միջոցները, իսկ միւս կողմէ պատուաստումը։ «Պէտք է շարունակենք նախազգուշական միջոցներուն հնազանդիլ՝ մինչեւ որ պատուաստուելով դիմադրութիւն ձեռք բերենք», յայտնեց նախարարը։

Բաց աստի, Ֆահրետտին Քոճա մանրամասնութիւններ հրապարակեց՝ ըստ երկրի քաղաքներէն ներս արձանագրուած կացութեան, համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ «Առնուազն երկու չափաբաժին պատուաստուողներու թիւը որքան որ բարձրանայ՝ նոր վարակեալներու թիւն ալ պիտի նուազի», մատնանշեց նախարարը։

Աւելի առաջ հաղորդուած էր, որ յառաջիկայ երկուշաբթի Անգարայի մէջ նախատեսուած կառավարութեան նիստին ժամանակ օրակարգի վրայ պիտի գայ համաճարակի վերաբերեալ առկայ համայնապատկերը եւ ընդհանուր արժեւորում մը պիտի կատարուի՝ հաշուի առնելով մօտալուտ վերամուտը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 13, 2021