ԴՐԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

Մինչ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի, Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցած կառավարութեան նիստի բացման վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ համապատասխան հարցերու։ «Մեր մտադրութիւնը մեր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելն է», յայտնեց այս առթիւ Փաշինեան՝ անդրադառնալով տարածքաշրջանի իրավիճակին։ Ան համոզուած է, թէ հրադադարը խախտող կողմը նոյնականացնելու գործառոյթը դժուար է պատկերացնել՝ առանց միջազգային դիտարկման դրութիւններու գործարկման։ Իր խօսքով՝ սահմանակից երկիրներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կամ խորացումը յառաջիկայ շրջանին պիտի գտնուի այն կարեւոր ուղղութիւններու շարքին, որոնց հետամուտ պիտի ըլլայ Երեւան։ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան ներկայիս կը սպասէ յստակ առաջարկներու՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղ բանակցութիւնները սկսելու համար։ «Հայաստան տարածքներ նուաճելու որեւէ մտադրութիւն չունի եւ տարածքաշրջանի խաղաղութիւնը իր երկարատեւ ռազմավարութիւնն է», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Երեւան պատրաստ է բարձրագոյն մակարդակի վրայ ներգրաւուելու Պաքուի հետ բանակցութիւններու եւ կը սպասէ յստակ առաջարկներու։ «Հայաստան համոզուած է, թէ տարածքաշրջանէ ներս երկարատեւ խաղաղութեան, կայունութեան, անվտանգութեան ու տնտեսական զարգացման համար առանցքային են հարեւան երկիրներու հետ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումը եւ կամ զարգացումը», նշեց Փաշինեան եւ աւելցուց, թէ սա յառաջիկային պիտի ըլլայ կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մին։

Կառավարութեան ժողովի սկիզբին վարչապետը ընդգծեց, որ որոշ ուժեր կը փորձեն սխալ լոյսի տակ ներկայացնել Երեւանի մտադրութիւնները։ Ըստ այդ պնդումներուն, հայկական զինեալ ուժերու բարեփոխումներու նպատակն է՝ ակրեսիւ քաղաքականութիւն վարել սահմանակից երկիրներու դէմ։ Մինչդեռ, ինչպէս որեւէ խաղաղասէր պետութիւն, Հայաստանն ալ իր զինեալ ուժերը զարգացնելու եւ վերափոխելու կը ձգտի հաւանական բռնութիւններէ պաշտպանուելու համար։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի զօրքերու սադրանքները կը շարունակուին թէ՛ դէպի Հայաստան եւ թէ դէպի Արցախ։ Այսպէս, անոնք երէկ վերստին թիրախաւորած են սահմանի Երասխի հատուածի հայկական դիրքերը։ Կէսօրէ սկսեալ, ամբողջ յետմիջօրէին շարունակուելէ վերջ, մինչեւ երեկոյեան ժամերը Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները զանազան տրամաչափէ զինատեսակներով կրակած են հայկական դիրքերուն վրայ։ Հայ դիրքապահներու կողմէ կատարուած են պատասխան գործողութիւններ եւ կասեցուած է հրաձգութիւնը։ Հայկական կողմէն տուժածներ չեն եղած։ Ժամը 19.00-ի դրութեամբ սահմանի վրայ վերահաստատուած է յարաբերական կայունութիւն։

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրներն ալ երէկ տեղեկացուցին, որ կան-խըւած է Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու՝ շփման գիծը հատելու փորձը։ Արցախի արեւմտեան հատուածէն ներս պատահած են դէպքերը։ Պաշտպանութեան բանակի հակազդող գործողութիւններուն բերումով ներթափանցման փորձերը կանխուած են։ Հայկական կողմէն կորուստներ չեն եղած։ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը այս սադրանքներուն մասին անյապաղ տեղեկատուութիւն փոխանցած է Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան։

Մինչ այդ, Ատրպէյճանի կողմէ օր մը առաջ գործուած յարձակումներուն շուրջ երէկ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկաւ լուսաբանութիւնով մը։ Այս առթիւ հաստատուեցաւ, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրառած են Արցախի դէմ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 13, 2021