ՆՈՐ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Գերմանական Lufthansa օդային ընկերութիւնը արդէն վերադարձած է Հայաստանի շուկայ։ Ան Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս աշխարհի յառաջատար օդային ընկերութիւններէն մին է։ Lufthansa-ի սաւառնակը այս առաւօտ իրականացուց Ֆրանքֆուրթ-Երեւան թռիչքը եւ Զուարթնոց օդակայանին մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ անոր առաջին վայրէջքին առթիւ։ Երկար ժամանակէ ի վեր Հայաստանի շուկայէն դուրս եկած էր Lufthansa-ն, որ ներկայիս որոշած է վերադառնալ։ Առաջին թռիչքին ընդառաջ, երէկ, ընկերութեան ներկայացուչները մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուին այս փուլի ակնկալութիւններուն եւ ստեղծուած հնարաւորութիւններուն շուրջ։

Այս առաւօտեան ժամանման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխ-նախարար Արմէն Սիմոնեան եւ Երեւանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Միխայէլ Պանցհաֆ։

Lufthansa-ն ամրան շրջանին ամէն շաբաթ մինչեւ 16 թռիչք պիտի իրականացնէ դէպի Երեւան։ Այսպէսով Հայաստանի քաղաքացիները հնարաւորութիւն կ՚ունենան ճամբորդել 280 ուղղութիւնով՝ դէպի աշխարհի 100 երկիր։ Ամէն օր թռիչքներ պիտի իրականացուին Երեւանի եւ Վիեննայի միջեւ։ Բաց աստի, շաբաթը երեք անգամ՝ Երեւան-Ֆրանքֆուրթ, շաբաթը հինգ անգամ՝ Երեւան-Պրիւքսել եւ շաբաթը անգամ մը՝ Երեւան-Քէօլն ուղղութիւններով թռիչքներ նախատեսուած են։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Արմենիա» միջազգային օդակայաններու ընկերութեան տնօրէն Մարսելօ Վենտէ երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ Lufthansa-ն աշխարհի ամենահեղինակաւոր ու վստահելի օդային ընկերութիւններէն մին է։ Երկար դադարէ վերջ անոր դէպի Հայաստան թռիչքներ հաստատելը պիտի խթանէ նաեւ երկրի զբօսաշրջութիւնը։ Վենտէ շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են Lufthansa-ի խումբին աջակցիլ անհրաժեշտ բոլոր հարցերուն մէջ՝ այս նոր ուղղութիւններուն վրայ յաջողութեան համար։

Գերմանական ընկերութեան ներկայացուցիչներն ալ դիտել տուին, որ յաճախորդներու պահանջարկի աճը զիրենք մղած է ընդլայնել թռիչքներու ժամանակացոյցը։ Անոնք յայտնեցին, որ դէպի Հայաստան թռիչքներու գծով իրենք ունին բաւական մեծ փորձառութիւն։ Արդարեւ, նախապէս, 2005 թուականին Lufthansa-ի օդանաւերը կ՚իրականացնէին Երեւան-Միւնիխ թռիչքները։

Ուրբաթ, Օգոստոս 13, 2021