ՎԵՐՅԻՇԵԼՈՎ ՎԱՐՊԵՏԸ

Գնալը կղզիի մէջ երէկ երեկոյեան մասնաւոր ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիվան Գասպարեանի, որու կորուստը ցաւ ստեղծած էր նաեւ Թուրքիոյ գեղարուեստասէր շրջանակներէն ներս։ Ջրային մարզաձեւերու ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որու ներկաներու շարքին էին Կղզեաց քաղաքապետ Էրտէմ Կիւլ, երեսփոխան Կարօ Փայլան եւ այլ բազում գեղարուեստասէրներ։

Ձեռնարկի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ իրաւաբան Էլիֆսու Տիլէք Շէնի։ Ճիվան Գասպարեանի եւ տուտուկի մասին հակիրճ արտայայտութիւններէ վերջ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետ Էրտէմ Կիւլին եւ ակումբը այս ձեռնարկին համար տրամադրած Էմրէ Պուրչինին, որ կը գլխաւորէ վարչութիւնը։

Ճիվան Գասպարեանի կեանքին ու գործունէութիւններուն վերաբերեալ ելոյթներով հանդէս եկան՝ հրապարակագիր Բագրատ Էսդուգեան, հրատարակիչ Օսման Քէօքէր եւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան։ Պատգամաւոր Փայլանն ալ արտասանեց սրտի խօսք մը։

Ելոյթներէն վերջ գործադրուեցաւ յայտագրի երաժշտական բաժինը, որու ընթացքին հանդէս եկան Մարալ Այվազ, Թաթիանա Պոստան, Կիւլսեւէն Մետար եւ  ընկերները, Սէրճան Կազէրօղլու, Հիւսէյին Տողան, Էսատ Ութքու Աճար եւ Էմրէ Սընանմըշ։

Մինչ այդ, ի յիշատակ Ճիվան Գասպարեանի Գնալը կղզիի մէջ նախատեսուած է ծառատունկ մը, որ տեղի կ՚ունենայ այսօր։

Ուրբաթ, Օգոստոս 13, 2021