25 ՏԱՐԻ ԵՒ ՎԵՐՋ
Ամերիկեան հեռուստատեսութեան պատմութեան «ամենաերկարակեաց» մանկական գծաֆիլմաշարը 25 տարի վերջ կ՚աւարտուի։ Այսպէս, «Արթուր» կոչուող մանկական գծաֆիլմաշարը, որ յայտնի էր 1990-ական թուականներուն, մեկնարկէն 25 տարի վերջ կ՚աւարտի։
Հեռուստանախագիծը ամերիկեան հեռուստատեսութեան մէջ «ամենաերկարակեաց» մանկական գծաֆիլմաշարն է։ Ամերիկեան «PBS» հեռուստաընկերութիւնը հաստատած է ֆիլմաշարի աւարտի մասին լուրը եւ նշած է, որ վերջին բաժինը պիտի ցուցադրուի յաջորդ տարի։
Նախագիծը հիմնուած է Մարք Պրաունի գիրքերու հիման վրայ եւ ցուցադրուած է շարք մը երկիրներու, որոնց կարգին՝ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։ Հեռուստանախագծի աւարտի մասին յայտնած է բեմագրողներէն Քեթի Ուաուն։
Յայտնի է, որ նախագիծը ուսուցողական բնոյթ կը կրէ՝ անդրադառնալով շարք մը առօրեայ խնդիրներու։ Ան արժանացած է 6 «Էմմի» մրցանակի։