ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԸ
Աւետարանը քի՛չ բան կ՚ըսէ Աստուածամօր կեանքի մասին. արդարեւ մէկ անգամ կը տեսնենք զայն Բեթհեղէմ՝ ծննդաբերելէ առաջ։ Մարդահամարին մասնակցելու նպատակով այդ քաղաքն ալ կը ծնի Յիսուսը։ Աւելի վերջ կը տեսնենք զայն Կանայի հարսանիքին։ Ուրիշ առիթով եւս կը տեսնուի ան, երբ Յիսուս խաչի վրայ էր, Իր վերջին շունչը աւանդելէ առաջ դարձաւ իր ամենակրտսեր աշակերտին՝ Յովհաննէսին եւ ըսաւ. «Ահաւասիկ մա՛յրդ», այսինքն՝ ըսել ուզեց, որ տէ՛ր եղիր մօրս։
Ըստ աւանդութեան, ան երկար, 15 տարի ապրած է աշակերտներու հետ Երուսաղէմ եւ յատկապէս Պենտեկոստէի՝ Հոգեգալստեան տօնի օրը Սուրբ Կոյս Մարիամն ալ աշակերտներու հետ այնտեղ է եղած եւ սպասած Սուրբ Հոգիի այցելութեանը։ Սուրբ Հոգիի այցելութեան ժամանակ, աշակերտներէն Բարդուղիմէոս առաքեալ՝ հայոց աշխարհի երկու սուրբ առաքեալներէն մին՝ կը բացակայէր Աստուածամօր թաղման ժամանակ եւ եկած էր երեք օր յետոյ, երբ ան վերադարձաւ, լսեց մարդոց վկայութիւնը, որոնք կ՚ըսէին, թէ երբեք օր եւ գիշեր հրեշտակներու երգասացութիւնները լսուած է Աստուածամօր գերեզմանին վրայէն։ Երբ անոնք աշակերտներով գացին գերեզմանը բանալու, տեսան, որ Աստուածամայրը այնտեղ չէ՛, այլ ըստ իր Որդիի խոստման, երկինք փոխադրուած էր։ Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով ալ կ՚ըսենք՝ «Ննջումն Աստուածամօր» եւ ո՛չ թէ «վախճանումը»։
Արդարեւ, Աստուածամայրը ննջեց եւ իր այդ նինջի մէջ փոխադրուեցաւ դէպի երկինք՝ իր Որդիին մօտ, ինչպէս իրեն խոստացուած էր։
Շարականագիրը յաճախ Աստուածամայրը կը նմանցնէ որթատունկի ողկոյզին, որմէ զտուած գինին քաղցրահամ եւ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցով դարձեալ մեր ժողովուրդի փրկութեան միջոցը դարձաւ։ Յիսուս նաեւ կ՚ըսէ. «Ես եմ կենդանի որթը», որ պտուղ կու տայ եւ իր քաղցրութեամբ կը լեցնէ աշխարհը։ Հայ Եկեղեցին Աստուածամօր Վերափոխման տօնի առթիւ կ՚օրհնէ Հայաստան աշխարհի եւ ամբողջ աշխարհի ողկոյզները՝ որպէս աստուածային օրհնութիւն։ Յիսուս վերջին ընթրիքի պահուն գինին առաւ, օրհնեց զայն, տուաւ Իր աշակերտներուն՝ ըսելով. «Արբէք ի սմանէ ամենեքեան, այս է արիւն Իմ նորոյ ուխտի»։ Խմեցէք ասկէ բոլորդ, որովհետեւ այս է Իմ նոր ուխտի նշանը։
Արդարեւ, Աստուածամայրը ճանչցուած եւ մեծարուած է իբրեւ Աստուծոյ եւ Փրկչին իսկական Մայրը։ Ան միանգամայն Քրիստոսի անդամներուն ճշմարիտ Մայրն է, քանի որ ան իր սիրով գործակցեցաւ ծնունդին այն հաւատացեալներուն Եկեղեցւոյ մէջ՝ որոնք այս Գլուխին անդամներն են։
Աստուածամայրը իր հնազանդութեամբ եղաւ իր եւ համայն մարդկային ցեղին համար փրկութեան պատճառ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Երանոս։ Անոր հետ, բազմաթիւ հին Հայրեր կ՚ըսեն. «Եւայի անհնազանդութեան հանգոյցը լուծուեցաւ Մարիամի հնազանդութեամբ։ Ի՛նչ որ Եւա կոյսը կապած էր իր թերահաւատութեամբ, Մարիամ Կոյսը քակեց իր հաւատքով»։ Մարիամը՝ Աստուածամայրը համեմատելով Եւային հետ, անոնք Մարիամը կ՚անուանեն «Մայր ողջերուն», եւ յաճախ կը յայտարարեն «Եւայով՝ մահը, Մարիամով՝ կեա՛նքը»։
Ուստի Աւետարաններու մէջ «Մայրը Յիսուսի» կոչուած Մարիամը (ՅՈՎՀ. Բ 1), (ՅՈՎՀ. Բ 12), (ՅՈՎՀ. ԺԹ 25) անոր Որդիին ծնունդէն իսկ առաջ՝ Սուրբ Հոգիին մղումով ողջունուած է «Մայրը իմ Տիրոջս» (ՂՈՒԿ. Ա 43)։ Արդարեւ, Ան որ Մարիամ Կոյսը Սուրբ Հոգիով իբր մարդ յղացաւ ըստ մարմինին եւ ճշմարտապէս իր Որդին դարձաւ, ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ՝ Հօր յաւիտենական Որդին՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձը։ Եւ Եկեղեցին կը դաւանի, թէ Մարիամ Կոյսը ճշմարտապէս Աստուածածին է՛։ Յիսուս Սուրբ Հոգիէն յղացուեցաւ Կոյս Մարիամի արգանդին մէջ, քանի որ Ան «Նոր Ադամ»ն է, որ նոր արարչագործութիւնը կը սկզբնաւորէ. «Առաջին մարդը ելած երկրէն՝ հողեղէն է, իսկ երկրորդ մարդը երկինքէն կու գայ». (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 47)։
Յիսուս՝ Նոր Ադամը, Իր կուսական յղացումով կը սկզբնաւորէ որդեգրութեան զաւակներուն «Նոր ծնունդ»ը, հաւատքով Սուրբ Հոգիի մէջ։ Մարիամ Կոյսը ճշմարտապէս «Աստուածածին է», քանի որ Մա՛յրն է Աստուծոյ մարդացեալ յաւիտենական Որդիին՝ որ Աստ-ւած է…։
Աստուածամօր տօնը, արդարեւ, ամբողջ աշխարհի կիներու տօնն է։
Շնորհաւո՜ր ըլլայ կիներու տօնը՝ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 12, 2022, Իսթանպուլ