ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՐԱԶՆԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Տարազֆեստ-2024»ը, որով արձանագրուեցաւ փայլուն յաջողութիւն։ Հայկական տարազներու այս փառատօնը, որ վեցերորդն էր իր նմաններուն մէջ, կազմակերպուած էր «Տէրեան մշակոյթի կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ։ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան կոմիտէն ալ խրախուսած էր այս նախաձեռնութիւնը, որ ուղղուած էր թէ՛ մայրաքաղաքի բնակիչներուն եւ թէ մանաւանդ՝ զբօսաշրջիկներուն, որոնք հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին հայկական տարազներու այս փառատօնին նկատմամբ։

Երկօրեայ նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս, Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցան՝ հայկական տարազներով բնորդուհիներու ներկայացումներ, ինչ որ իսկապէս յատկանշական էր։ Բնորդուհիներու տողանցքը բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց՝ հայկական աւանդական տարազներու ճոխութեան եւ ճաշակին տեսակէտէ։ «Յաղթանակ» զբօսայգիի համալիրէն ներս բարձր տրամադրութիւն տիրեց հայկական տարազներու փառատօնին առթիւ։

Հայկական ազգային տարազներու ներկայացումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ ի յայտ բերելու մշակութային եւ աւանդական զանազան արժէքներ, որոնք զբօսաշրջիկներուն տեսակէտէ կարեւոր էին՝ Հայաստանի միջավայրին ներթափանցելու եւ հաղորդ դառնալու տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 13, 2024