ՕԴԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երեւանի հիմնադրման 2799-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Երեւանի քաղաքապետարանը եւ Սքայպոլ ընկերութիւնը կը կազմակերպեն օդագնացութեան միջազգային «Բացայայտէ՛ Հայաստանը երկինքէն» փառատօնը, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբերի 14-17 թուականներուն միջեւ:

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած օդապարիկները պիտի սաւառնին Երեւանի երկինքը՝ ստեղծելով հէքեաթային վառ պատկեր:

Սքայպոլ ընկերութեան ներկայացուցիչ Նայիրի Բարսեղեան  տեղեկացուցած է, որ փառատօնի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբերի 14-ին՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Օդապարիկները  քանի մը ժամ լուսաւորուած պիտի մնան այնտեղ: Յաջորդ օրը՝ Հոկտեմբերի 15-ին, առաւօտեան ժամը 07.00-ին եւ երեկոյեան 17.00-ին, Հանրապետութեան հրապարակէն թռիչքներ պիտի իրականացուին Երեւանի վրայ:

Իսկ Հոկտեմբերի 17-ին թռիչքները պիտի ըլլան Գառնիի շրջակայքին, նոյն օրը երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ փառատօնի փակումը:

Թռիչքներուն մասնակցելու համար տոմսեր պիտի չվաճառուին:

Նայիրի Բասեղեանի խօսքով, քանի որ մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է, եւ կազմակերպիչներուն նպատակներէն է լուսաբանել ձեռնարկը, թռիչքներուն հիմնականօրէն պիտի մասնակցին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ հովանաւորներու ու Սքայպոլի կողմէ կազմակերպուած խաղարկութիւններու արդիւքով շահած քաղաքացիներ:

Փառատօնի հովանաւորներն են «Բերգ» ապրանքանիշն ու AVK ընկերութիւնը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017