ԱԿԱԴԵՄԻԿՈՍ ՍԵՆ ԱՐԵՒՇԱՏԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՅՈՒՇԱՔԱՐ

Ակադեմիկոս Սեն Արեւշատեանի յիշատակը յաւերժացուեցաւ յուշաքարի տեղադրմամբ։ Այսպէս, Հաաստանի Մատենադարանի հանգուցեալ տնօրէն, ակադեմիկոս, ականաւոր հայագէտ, հայ միջնադարեան փիլիսոփայութեան մեծ գիտակ Սեն Արեւշատեանի յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարը տեղադրուեցաւ սեպտեմբերի 7-ին Երեւանի Աւագ Պետրոսեան 2 հասցէին վրայ: Յուշատախտակի հեղինակը ճարտարապետ Փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեանն է:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս առթիւ արտայայտուեցաւ «Մատենադարան. Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառ» հիմնադրամի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան։ «Սեն Արեւշատեան բացառիկ գիտնական ու մտաւորական էր: Ան եղած է Մատենադարանի հիմնադիրներէն։ Լեւոն Խաչիկեանի եւ այլ երախտաւորներու հետ դրած է այդ հաստատութեան հիմքը: Ան իր կեանքի 55 տարին նուիրած է մեր սրբարանի, մեր գանձարանի, մեր տաճարի պահպանման ու զարգացման», նշեց ան։

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Փիլիսոփայութեան, ընկերաբանութեան եւ իրաւունքի կաճառի տնօրէն Գէորգ Պօղոսեանն ալ ըսաւ, որ Սեն Արեւշատեան մեծ աշխատանք կատարած է հայ միջնադարեան փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութիւնները զարգացնելու գործին մէջ: Ան համոզմունք յայտնեց, որ յետագային բոլոր հայագէտները անպայման պիտի անդրադառնան Արեւշատեանի հիմնարար աշխատանքներուն: «Յուշատախտակը չէ, որ կ՚անմահացնէ անոր յիշատակը, բայց, այնուամենայնիւ, մտաւորական շրջանակներէ ներս նման արարողութիւնները՝ յուշատախտակներու, յուշաքարերու տեղադրում, անհրաժեշտ են», շեշտեց ան:

Իր կարգին, արուեստաբան Փրոֆ. Հրավարդ Յակոբեան խոստովանեցաւ, որ իր կեանքի ընթացքին հազուադէպ հանդիպած է Արեւշատեանի նման բարձր գիտութիւն ունեցող մարդոց: «Չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ ան նաեւ խօսքի մշակոյթի մեծ վարպետ էր: Արեւշատեանը լսելով երբեք չէիր յոգնիր, քանի որ շարունակաբար նորութիւն կը պատմէր: Պատահական չէր, որ Մատենադարան այցելող կարեւորագոյն անձնաւորութիւններու՝ նախագահներու, վարչապետներու, մեծ գիտնականներու, արուեստաբաններու առաջին հերթին Սեն Սուրէնովիչ կը ներկայացնէր մեր աշխատակիցները՝ տպաւորիչ լեզուով ու հետաքրքրութեամբ՝ հիացմունք պատճառելով բոլորին», փաստեց Յակոբեան:

Ինչպէս ծանօթ է, Սեն Արեւշատեան աշխատած է Մատենադարանին մէջ հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ, շուրջ քառորդ դար (1982-2007 թթ.) եղած է տնօրէնը, իսկ 2007-2014 թուականներուն՝ Կառավարման խորհուրդի նախագահը:

Սեն Արեւշատեան հեղինակ է աւելի քան 150 գիտական աշխատութիւններու, այդ կարգին՝ 30 մենագրութիւններու եւ բազմաթիւ յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ Մոսկուայի, Փարիզի, Վարշաւիոյ, Գահիրէի, Աթէնքի մէջ եւ այլուր։ Աշխատութիւնները հիմնականին կը վերաբերին հայ հին եւ միջնադարեան փիլիսոփայութեան պատմութեան, բայց ատոնց ընդգրկումը իրականութեան մէջ շատ աւելի լայն է, իսկ տեսական առումով ատոնք կը պարունակեն հայկական մշակոյթի եւ անոր պատմութեան վերաբերող ընդհանուր տեսական հարցադրումներ։ Այս տեսակէտէ գիտական լուրջ արժէք կը ներկայացնեն անոր «Գրիգոր Տաթեւացիի փիլիսոփայական հայեացքները», «Միջնադարեան Հայաստանի դպրոցներու պատմութեան շուրջ», «Փիլիսոփայական գիտութեան ձեւաւորումը հին Հայաստանի մէջ (5-6-րդ դարեր)», «Դաւիթ Անյաղթ» եւ այլ մենագրութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը բովանդակէ նոր գաղափարներ, մշակոյթի պատմութեան ժամանակաշրջաններու նոր իմաստաւորում, գրաւոր յուշարձաններու նոր ընթերցում։ Ակադեմիկոս Արեւշատեանի գիտական գործունէութեան կարեւոր մասը կը կազմեն հայ ականաւոր իմաստասէրներ Մեսրոպ Մաշտոցի, Եզնիկ Կողբացիի, Դավիթ Անյաղթի, Անանիա Շիրակացիի, Յովհան Որոտնեցիի, Գրիգոր Տաթեւացիի երկերու ռուսերէն թարգմանութիւնները։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018