ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօս հասարակական կազմակերպութիւններու 11-րդ ֆորումը։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ ամիս Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան հերթական գագաթաժողովը, որմէ անմիջապէս առաջ պետական այցելութեամբ Երեւան պիտի մեկնի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն։ Երէկուան ֆորումն ալ այդ գագաթաժողովին նախորդած կարեւոր իրադարձութիւններէն մին էր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի ֆորումը տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի մասնակցութեամբ։

Հաւաքոյթի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ յառաջիկայ գագաթաժողովը պիտի նպաստէ ամբողջ աշխարհէ ներս ֆրանսախօսութեան տարածման եւ Հայաստան պիտի դառնայ ֆրանսախօսական դիւանագիտական աշխոյժ գործունէութեան կեդրոններէն մին։ Գագաթաժողովին մասնակցելիք կազմակերպութեան անդամ կամ դիտորդ 84 երկիրներու ներկայացուցիչները պիտի կարենան բացայայտել երկիրը, անոր մշակութային արժէքները, որոնք մաս կը կազմեն ֆրանսախօս տարածքին։ Փաշինեան համոզուած է, որ գագաթաժողովը պիտի ըլլայ անմոռանալի ու պիտի արձանագրուին մեծ յաջողութիւններ։

Իր կարգին, Միքայէլ Ժանն ալ նշեց, որ հայ ժողովուրդը  Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովին կը պատրաստուի իրեն բնորոշ հիւրասիրութեամբ։

Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցած ֆորումին մասնակցեցան շուրջ 200 հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ֆրանսախօս երկիրներէն ու գրեթէ բոլոր ցամաքամասերէն։

ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Ժիլպէռ-Լիւք տը Վինասի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մըն ալ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ֆրանսացի ծերակուտականները այցելեցին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018