ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։ Քրեմլինի պալատի աղբիւրները այս տուեալը հաղորդեցին «Իզվեստիա» յայտնի ռուսական թերթին։ Նախագահ Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ այցելութեան յստակ ժամկէտները տակաւին յայտնի չեն ու պիտի համաձայնեցուին։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ շաբաթավերջին այցելած էր Մոսկուա, ուր Քրեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Հայաստան այցելել հրաւիրած էր Վլատիմիր Փութինը։ Մոսկուայի ղեկավարութիւնը շատ կարճ ժամանակ անց արձագանգած է, որ Փութին պիտի ընդառաջէ այդ հրաւէրին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018