ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԱԾ ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման ու վերանորոգման հարցը միջոցէ մը ի վեր անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ համայն հայութեան օրակարգը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ ստեղծուած է Մայր Տաճարի վերանորոգութեան յանձնախումբ մը, որու ատենապետն է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Պըրպենքի առաջնորդարանի աղբիւրները վերջերս հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ ընդգծուած է, որ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան լայնօրէն լուծած է նուիրահաւաքի աշխատանքներու կազմակերպումը։ Նորին սրբազնութիւնը նոյն նպատակով վերջերս շարք մը այցելութիւններ տուած է Հարաւային Ամերիկայի հայոց թեմերը։ Այսպէս, 29-30 օգոստոսին ան այցելած է Սան Փաուլօ, իսկ 31 օգոստոս-1 սեպտեմբերին՝ Պուէնոս Այրէս։
Ըստ վերոյիշեալ հաղորդագրութեան, նախ, հինգշաբթի՝ 29 օգոստոսը տրամադրուեցաւ բարերար Անտրէ Քսաչիքեանի ընտանիքին, մասնակցելով անոր հօր՝ Անդրանիկ Քսաչիքեանի թաղմանական արարողութեանը։
Օգոստոսի 30-ին՝ այցի երկրորդ օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանի մէջ տեղի ունեցաւ բարիգալստեան ընդունելութիւն՝ Տիկին Պուրմայեանի հրաւէրովը, ուր հրաւիրուած էին համայնքի բոլոր պատասխանատուները՝ գլխաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպիսկոպոս Պէրպէրեանի։ Այս ընդունելութեան սրբազան հայրը հանգամանօրէն ներկայացուց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգութեան ծրագիրը։ Խօսքերով հանդէս եկան նաեւ առաջնորդ սրբազանն ու Անտրէ Քսաչիքեան, որ հրաւէր յղեցին՝ մասնակցելու յառաջիկային կազմակերպուելիք երկու ընդունելութիւններուն, որոնց առիթը նուիրահաւաքը պիտի ըլլայ։
Յաջորդ հանգրուանը Պուէնոս Այրէսն էր։ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս այստեղ առաջին օրը ունեցաւ հանդիպում մը՝ առաջնորդ սրբազանի եւ թեմական խորհուրդի հետ եւ պատշաճօրէն ներկայացուց այցելութեան նպատակը։ Շաբաթ՝ 31 օգոստոսին, երեկոյեան պաշտօնապէս այցելեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւն (ՀԲԸՄ) եւ հանդիպում կայացաւ վարչութեան հետ։
Կիրակի՝ 1 սեպտեմբերին, սրբազան հայրը Ս. Պատարագ մատոյց Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Այստեղ նաեւ ցուցադրուեցաւ «Շողակաթ»ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզը։ Յովնան սրբազան « Տակաւին հաւատք չունի՞ք» բնաբանով քարոզին մէջ հանգամանօրէն խօսեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգութեան մասին։
«Մայր Տաճարի վերանորոգութիւնը մեր թէ՛ պարտքն է եւ թէ պատիւը», ի մասնաւորի իր խօսքին մէջ ըսաւ Յովնան Սրբազան։
«Սուրբ Էջմիածինը այն սրբազան տեղն է, ուր Աստ-ւած իջաւ եւ հանդիպեց մեր ժողովուրդին, եւ այդ պահէն սկսած մենք դարձանք առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը աշխարհի երեսին, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց որպէս պաշտօնական պետական կրօն։ Եւ 301 թուականէն սկսեալ Սուրբ Էջմիածին դարձաւ մայրը մեր ժողովուրդին, որովհետեւ մեր ազգի զաւակներուն բաշխեց թէ՛ հոգեւորը եւ թէ ազգայինը»։
Մանրամասն ներկայացնելով Մայր Տաճարին վեգրանորոգութեան անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը՝ սրբազան հայրը նաեւ նշեց, որ «Ամէն օր աւելիով պիտի լծուինք աշխատանքի, ու հազարապատիկ պիտի քարոզենք Սուրբ Էջմիածնի մասին։ Երբեք ընկրկիլ չկայ։ Միայն հարկ է արթնութիւն ստեղծել ամէնուրեք կամ առաւել աշխուժացնել կապը Սուրբ Էջմիածնի հետ»։
Հարաւային Ամերիկա այցելութիւնը իր աւարտին հասաւ սեպտեմբեր 2-ի առաւօտեան Պուէնոս Այրէսի մէջ վարչական անդամներու հետ հանդիպմամբ, որու ընթացքին նուիրահաւաքի վերաբերեալ աշխատանքի յստակ ուղեգիծ ներկայացուեցաւ։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգութեան նուիրահաւաքի յանձնախմբի ատենապետ Յովնան Սրբազան, վերանորոգութեան բարեյաջող ընթացքն ապահովելու համար, իր յորդորը կը յղէ հաւատացեալ հայորդիներուն. «Սուրբ Էջմիածինը հայրենի հողին հետ միաձոյլ դարձած անժամանակին մէջ ապրող յաւերժութիւնն է։ Մեր մէջ է հաւատքին գիտակցութիւնն ու ուժը, կեանքի կոչենք այն, եւ այն ժամանակ երկնքի մէջ մեր նահատակաց հոգիները պիտի հրճուին եւ իրենց յարուցեալ կեանքը տեսնեն մեր մէջ՝ վերանկախացեալ Մայր հայրենիքով, հզօր եկեղեցիով եւ ազատատենչ մեր ժողովուրդով»։