«ԱՄՆ ՈՐՈՇՈՒԱԾ ՉԻ ՀԱՄԱՐԵՐ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՀԱՐՑԸ»

Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը որոշուած չի համարեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ամերիկացի դեսպանը շաբաթավերջին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Այսպէս, ըստ դեսպանին, որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր՝ ԱՄՆ ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի հակամարտ կողմերը վերադառնան բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեամբ։

Լին Թրէյսի պատասխանեց հարցումի մը, որ կը վերաբերէր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու վերսկսման հաւանականութեան։ Ի պատասխան, ան յայտնեց ամերիկեան կողմի կարծիքը, թէ խաղաղութեան ու անվտանգութեան առկայ հիմնախնդիրները պէտք է լուծուին դիւանագիտական ճանապարհով։

«Պետական քարտուղար Պլինքըն զանազան առիթներով շատ յստակ շարադրած է մեր այս յանձնառութիւնը։ Սա, ի հարկէ, շատ բարդ խնդիր մըն է։ Երեսուն տարուայ պատերազմի եւ լարուածութեան իրավիճակը չի կրնար հանգուցալուծուիլ մէկ գիշերուայ ընթացքին։ Այդուհանդերձ, մենք կը հասկնանք, թէ կան որոշ խնդիրներ, որոնք պէտք է լուծուին եւ անոնցմէ մէկը, ինչպէս նախապէս ալ ըսած եմ, այն է, որ մենք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը որոշուած չենք համարեր։ Հետեւաբար, կը շարունակենք այդ հարցը Մինսքեան խմբակի օրակարգին վրայ պահել», ըսաւ Թրէյսի։

Միւս կողմէ, Պաքուի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին անմիջապէս հակազդեց ԱՄՆ-ի դեսպանի այս յայտարարութեան դէմ։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլաեւա անթոյլատրելի համարեց Լին Թրէյսիի խօսքերը։ Հարկ է յիշեցնել, որ Արցախի երկրորդ պատերազմէն ի վեր Պաքու կը համարէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած է եւ Մինսքեան խմբակը այլեւս ընելիք մը չունի։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021