ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

Երէկ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Խաչվերացի տօնին առթիւ պատարագեց Պատրիարքական փոխանորդ 

Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսիսքեան միաբանութենէն Հայր Անտրէա։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր երգչախումբի եւ տեղւոյն Միացեալ երգչախումբի համատեղ կազմին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը, որու ընթացքին բացատրեց, թէ եօթներորդ դարուն Ս. Խաչի գերեվարումը մեծ հարուած մը եղած էր քրիստոնեայ աշխարհին համար։ Բոլորը հաւատքով մտածեցին սրբութիւնը վերադարձնելու մասին եւ յաջողեցան հասնիլ այդ նուիրական նպատակին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը, հոգեւոր հայրերը եւ հաւատացեալները սիրոյ սեղանով հիւրընկալուեցան՝ ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդին կողմէ։

Յետմիջօրէին Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Խաչվերացի թափօր, անդաստան եւ ռեհանօրհնութիւն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021