ՎԻՃԱԿԸ ԿԸ ԲԱՐԴԱՆԱՅ

Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններով ստեղծուած վիճակը հետզհետէ կը բարդանայ։ Երկար ժամանակէ ի վեր երկրի հարաւի Սիւնիքի մարզի ճանապարհներու բնականոն ընթացքը կը խանգարուի Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի տարածքի ամենանեղ հատուածին։ Ճանապարհներու հարցերը չեն դժուարացներ միայն քաղաքացիներու առօրեան, այլեւ կը խոչընդոտեն նաեւ Հայաստանի միջպետական բեռնափոխադրումները։ Ամիսներէ ի վեր Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի որոշ հատուածները Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ կը մնան։ Շաբաթավերջին, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ այդ մայրուղիին վրայ, Որոտան բնակավայրի մօտակայքին, Էյվազլի հատուածէն ներս Ատրպէյճանի ոստիկանութեան կողմէ փաստաթուղթերու ստուգումներ կը կատարուին Իրանէն Հայաստան մուտք գործող բեռնատարներու եւ անոնց վարորդներու պարագային։ Իրանական պետական համարանիշերով բեռնատարներու վարորդներն ու անոնց փոխադրած բեռներու փաստաթուղթերը կը պահանջուին Ատրպէյճանի ոստիկանութեան կողմէ։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերը եւ Ռուսաստանի սահմանապահ ծառայութեան զինուորները համատեղ աշխատանքներ կ՚իրականացնեն՝ յառաջացած իրավիճակը կարգաւորելու ուղղութեամբ։

Խնդրոյ առարկայ մայրուղիին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ անցակէտի մը ստեղծման վերաբերեալ լուրերուն շուրջ ընդդիմադիր շրջանակները միջոցէ մը ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէին Հայաստանի մէջ։ Պաշտօնական մարմինները, սակայն, կը հերքէին այդ լուրերը։ Այժմ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ շաբաթավերջին կատարուած հաղորդումներով արդէն խնդիրը անդառնալիօրէն պարզուեցաւ։

Այս գործողութիւններուն առընթեր, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթավերջին նամակներ ուղարկեց Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Արցախի մէջ ու շրջակայքին տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան։ Այդ նամակներուն մէջ Պաքու պնդեց, թէ այլ երկիրներու փոխադրամիջոցներ ապօրինի ձեւով կ՚անցնին Ատրպէյճանի տարածքով, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են խաղաղարարները։ Ատրպէյճան այդ նամակներով պահանջեց, որ այլ երկիրներու պատկանող ինքնաշարժներու Լեռնային Ղարաբաղ մուտքը արգիլուի։ Ըստ Պաքուի, հայ բնակչութիւնով, ժամանակաւորապէս ռուս խաղաղարարներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէ ներս այլ երկիրներէ ինքնաշարժներու մուտքը խոտոր կը համեմատի 10 նոյեմբեր 2020 թուականին, Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած հրադադարի յայտարարութեան։ Ընկերային ցանցերու վրայ ալ տեղ գտած էր, թէ Իրանէն բեռնատարներ մուտք կը գործեն այդ շրջանները։ Ուստի, անցեալ ամիս Ատրպէյճան այս կապակցութեամբ վերջնագիր մը տուած էր Իրանին։

Յառաջացած նուրբ կացութիւնը այս առաւօտ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին երեսփոխաններու ուշադրութեան ալ առարկայ դարձաւ։ Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխաններէն Վահէ Յակոբեան, որ Սիւնիքի նախկին մարզպետներէն է, զգայացունց յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան որեւէ պահով կրնայ Կապանը կտրել Հայաստանէն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021