ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան դէպի Փեքին աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս տեսակցեցաւ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար ծովակալ Տոնկ Եունի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին նախարարները կարեւորեցին Երեւան-Փեքին բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները զանազան ոլորտներէ ներս՝ ներառեալ պաշտպանութիւնը։ Կողմերը ընդգծեցին, որ վերջին տարիներուն իրենց ռազմական համագործակցութիւնը նկատելի յառաջընթաց արձանագրած է՝ ընդգրկելով նոր ուղղութիւններ։ Զրուցակից նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնեցին Հայաստան-Չինաստան համագործակցութիւնը ա՛լ աւելի զարգացնելու համար՝ ներառեալ զինեալ ուժերու միջեւ բարձրաստիճան շփումները։

Կողմերը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նաեւ միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան շարք մը հարցերու շուրջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024