ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԱՐԱՆ ԳՐՊԱՆԻ
Երէկ, Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան» երաժշտա-երգիծական պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազգային երգարան գրպանի» ժողովածոյին շնորհանդէսը։ Քսանմէկ հատորներէ բաղկացեալ այս ժողովածոն հրատարակուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ։
Երէկուան շնորհանդէսին ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ բարձր գնահատեց ստեղծագործական խումբին կողմէ տարուած աշխատանքը։ Ան յատկապէս կանգ առաւ ծրագրի հեղինակին՝ Սամուէլ Յարոյեանի կողմէ կատարուած աշխատանքին վրայ։ Հրանոյշ Յակոբեան մատնանշեց, թէ այս ժողովածոն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի երաժշտական հարուստ պատմութիւնը։ Ան կ՚ընդգրկրէ 659 երգէ բաղկացեալ ընտրանի մը՝ հայ երգարուեստի բոլոր ոճերուն ընդգրկմամբ, ներառեալ հոգեւոր երաժշտութիւնը, գեղջկականը, աշուղագուսանականը եւ քաղաքայինը։ Այդ բոլորը կը համարուին հայ ժողովուրդի անցեալի, ներկայի, յիշողութեան, սիրոյ, տխրութեան եւ զանազան ապրումներու մարմնաւորումը։
Օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Տ. Կոմիտաս Վրդ. Յովնանեան, որմէ վերջ գնահատանքի խօսք մը արտասանեց հռչակաւոր երգահան Տիգրան Մանսուրեան։
Նախաձեռնութեան հեղինակը՝ երգարանի խմբագիր Սամուէլ Յարոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ այն բոլոր մասնագէտներուն, կառոյցներուն, ստեղծագործական խումբին եւ անհատներուն, որոնք աջակցած էին երգարանի ստեղծման։
Ձեռնարկի մասնակիցները աւելի վերջ ունկնդրեցին սիրուած երգերու կատարումներուն՝ յայտնի մեներգիչներու կամ խումբերու կողմէ։