ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

Ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր շա­բա­թա­վեր­ջին բա­ցա­ռիկ հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քով եւ ո­րո­տըն­դոստ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին ա­ռաս­պե­լա­կան ա­րուես­տա­գէ­տը, որ ար­դէն 91 տա­րե­կան է։

Մինչ այդ, օգ­տուե­լով Ե­րե­ւա­նի կե­ցու­թեան ա­ռի­թէն, Շարլ Ազ­նա­ւուր այ­ցե­լեց Ե­րե­ւա­նի նո­րա­հաս­տատ Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-կա­ճա­ռը։ Ան շրջայց մը կա­տա­րեց պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ու­ղեկ­ցու­թեամբ եւ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց թան­գա­րա­նին եւ ցու­ցադ­րու­թեան մա­սին։ Թան­գա­րա­նին մէջ Ազ­նա­ւու­րի ու­ղե­կից­նե­րու շար­քին էր «Փիւ­նիկ» հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ Գաբ­րիէլ Չէմ­պէր­ճեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2015