ՖՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ 31-ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու խոր­հուր­դին 31-րդ նս­տաշր­ջա­նը։ «Կա­րէն Տէ­միր­ճեան» մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րին մէջ գու­մա­րուե­ցան ժո­ղով­նե­րը, ո­րոնց տան­տէրն էր Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ալ խօսք ուղ­ղեց Ե­րե­ւա­նի նստաշր­ջա­նի մաս­նա­կից­նե­րուն։ Ֆրան­սա­յի ա­նու­նով ժո­ղով­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի գոր­ծե­րու գծով պե­տա­կան քար­տու­ղար Ար­լէմ Պե­զիր։

Այս նստաշր­ջա­նին ան­մի­ջա­պէս յա­ջոր­դեց Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Մի­քա­յէլ Ժա­նի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը Հա­յաս­տան։ Ան ար­դէն մաս­նակ­ցած էր 31-րդ նս­տաշր­ջա­նի աշ­խա­տան­քին եւ ա­ւար­տին իր շփում­նե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան այս ան­գամ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան մը ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Մի­քա­յէլ Ժան տե­սակ­ցե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նի, Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի եւ նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Ան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2015