ԼԻՈՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՀԱՒԱՔ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) երիտասարդ արհեստավարժները վերջերս կազմակերպեցին Եւրոպայի իրենց առաջին գագաթաժողովը։ Համաեւրոպական այս համաժողովը տեղի ունեցաւ Լիոնի մէջ։ ՀԲԸՄ-ի Եւրոպայի երիտասարդ արհեստավարժներու ղեկավարները երկօրեայ հաւաք մը իրականացուցին Լիոնի մէջ՝ հիւրընկալուելով տեղւոյն մասնաճիւղին կողմէ։ Եւրոպական տասնհինգ երկիրներէն շուրջ յիսուն հոգի մասնակցեցաւ այս համաժողովին, որ կազմակերպուեցաւ՝ ՀԲԸՄ-ի Լիոնի երիտասարդ արհեստավարժներու ղեկավար Վիգէն Կոճակեանի, ՀԲԸՄ-ի Լիոնի մասնաճիւղի ատենապետ Քամիյ Մեսրոպեանի եւ ՀԲԸՄ-ի Ամսթերտամի մասնաճիւղի վարչայիններէն Հայկ Խանամիրեանի ջանքերով։
Քննարկումներ ծաւալուեցան ՀԲԸՄ-ի Եւրոպայի ռազմավարութեան շուրջ։ Առկայ մարտահրաւէրներու լոյսի տակ ժողովականները կանգ առին նոր գաղափարներու եւ նախաձեռնութիւններու վրայ։ Էրիք Տատեան, Կոթիէ Քասանիօ, Արմէն Վերտիեան եւ այլ անուններ հանդէս եկան ուշագրաւ խորհրդածութիւններով։
ՀԲԸՄ-Եւրոպայի պատասխանատուներէն Նատիա Գործունեան, Նիքոլա Դաւիթեան եւ Գարէն Փափազեան եւս Լիոնի այս հաւաքին ընթացքին անդրադարձան ՀԲԸՄ-ի նոր հեռանկարներուն։ Անոնք կանգ առին Եւրոպայի երիտասարդ հայերուն միջեւ ցանց մը ստեղծելու անհրաժեշտութեան վրայ։
Հարկ է նշել, որ ՀԲԸՄ-ի երիտասարդ արհեստավարժներու շարժումը կ՚ընդգրկէ 20 հազար հայ երիտասարդ՝ աշխարհի 28 երկիրներէն։ Անոնք իրենց ընդգրկած ասպարէզներուն մէջ կը համարուին ապագայի ղեկավարները։