ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ Սթրազ­պուր­կի մէջ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի (ԵԽԽՎ) լիա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին։ Իր խօս­քին մէջ նա­խա­րա­րը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին եւ ընդգ­ծեց, թէ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս պէտք է ա­պա­հո­վել խա­ղա­ղու­թիւ­նը։

«News.am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ընդգ­ծեց, որ Թուր­քիա կը փա­փա­քի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցի լու­ծուի­լը։ Ըստ ի­րեն, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կը պէտք է շատ աշ­խա­տի այս հար­ցը լու­ծե­լու հա­մար։ Սթրազ­պուր­կի մէջ Չա­վու­շօղ­լու յայտ­նեց նաեւ, որ Թուր­քիա կը փա­փա­քի բա­րե­լա­ւել յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տա­նի հետ։

Ե­ՐԵ­ՒԱ­ՆԷՆ ԱՐ­ՁԱ­ԳԱՆԳ

Սթրազ­պուր­կի մէջ Չա­վու­շօղ­լուի ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գան­գեց Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան ԵԽԽՎ-ի մօտ Չա­վու­շօղ­լուի կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ո­րա­կեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը խե­ղա­թիւ­րե­լու հեր­թա­կան փորձ։ Ըստ Շա­ւարշ Քո­չա­րեա­նի, այդ փոր­ձը կու գայ հեր­թա­կան ան­գամ ա­պա­ցու­ցա­նել, որ անհ­րա­ժեշտ է Թուր­քիան հնա­րա­ւո­րինս հե­ռու պա­հել կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն։ «Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւո­րու­մը ա­ռա­ջին հեր­թին ուղ­ղուած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կի ո­րոշ­ման՝ հա­մա­ձայն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի՝ ի­րա­ւա­կան պար­տա­դիր ուժ ու­նե­ցող կամ­քի ար­տա­յայ­տու­թեան», ը­սաւ ան։ Փոխ-նա­խա­րա­րը ա­ւել­ցուց, թէ Չա­վու­շօղ­լուի կող­մէ կա­տա­րուած խե­ղա­թիւր­ման հեր­թա­կան փոր­ձը ան­գամ մը եւս կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ այն, ինչ որ բազ­միցս ը­սուած է Ե­րե­ւա­նի կող­մէ։ Անհ­րա­ժեշտ է Թուր­քիան հնա­րա­ւո­րինս հե­ռու պա­հել կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն։

Շա­ւարշ Քո­չա­րեան մեկ­նա­բա­նեց նաեւ Չա­վու­շօղ­լուի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, թէ Թուր­քիա կը փա­փա­քի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նո­նաց­նել Հա­յաս­տա­նի հետ։ «Ե­թէ Ան­գա­րա իս­կա­պէս կը փա­փա­քի կար­գա­ւո­րել յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տա­նի հետ, ա­պա ան ժա­մա­նա­կին պէտք է վա­ւե­րաց­նէր ու կեան­քի կո­չէր տա­կա­ւին 2009 թուա­կա­նին Ցիւ­րի­խի մէջ ստո­րագ­րուած հայ-թրքա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ Շա­ւարշ Քո­չա­րեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016