«ԵՐԿՈՒ ԴՐԱԽՏՆԵՐԸ»
«ԺԱՄԱՆԱԿ 100» մատենաշարը կը շարունակէ ճոխանալ արժէքաւոր գործերով։ Մատենաշարի շղթային վրայ վերջերս աւելցաւ նոր օղակ մը եւ այս նոր գիրքը վստահաբար ընթերցասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ պիտի դառնայ։ Այսպէս, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարադարձի մատենաշարը հարստացաւ նոր հրատարակութեամբ մը։ Վահան Թէքէեանի «Երկու դրախտները» կու գայ միանալու ցարդ տպագրուած չորս հատորներուն՝ Քասիմի «Օրուան մտածումներ», Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ», Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջէն» եւ նոյնպէս Թէքէեանի «Կեսարիա» հատորներուն։ Ինչպէս ծանօթ է, թերթիս հրատարակութեան 100-ամեակին առթիւ ձեռնարկած էինք հրատարակելու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անցեալի հաւաքածոներէն հանուած յօդուածներ, յօդուածաշարքեր կամ ամբողջական երկեր, որոնք նոր լոյս մը կը սփռեն անցեալին եւ ի յայտ կը բերեն նշեալ հեղինակներու գրական ժառանգութենէն նոր գործեր։ Այս նոր գիրքն ալ լոյս տեսած է՝ մեկենասութեամբ մեր գրասէր ազգայիններէն Նշան Քարայի, որ մատենաշարի նախորդ գիրքին ալ մեկենասն էր։
Վահան Թէքէեանի անունը սերտօրէն կապուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատմութեան։ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Վահան Թէքէեան սկսած էր աշխատակցիլ Քասիմի նոր հիմնադրած թերթին, նոյնիսկ ապագային դառնալով անոր գլխաւոր խմբագիրներէն մին, երբ թերթս միացած էր «Ժողովուրդի ձայնը»ին։ Մատենաշարիս նախորդ հրատարակութիւնը անցեալի փոշոտ հաւաքածոներէն դուրս կը հանէր ու առաջին անգամ առանձին հատորով մը կը հրատարակէր Թէքէեանի «Կեսարիա» գործը, իսկ հիմա ընթերցասէրներու սեղանին կը դնէ արեւմտահայ գրականութեան այս դասական հեղինակին հրապարակագրական, գրական-գեղարուեստական ու յուշագրական յօդուածներէն ու յօդուածաշարքերէն հարուստ ծաղկաքաղ մը զոր, ինչպէս նախորդ հատորները, պատրաստած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։ Այս հատորին երկարաշունչ յառաջաբանը գրի առած է Վահան Թէքէեանի կեանքին ու ստեղծագործութեան անուանի մասնագէտներէն դոկտ. Վաչէ Ղազարեան։ Գնալը կղզիի երկուորեակ պատմական ապարանքները ներկայացնող կողքին հեղինակն է երգիծանը-կարիչ ու գեղանկարիչ Արէտ Կըճըր։
Երեք բաժիններէ բաղկացած հատորին առաջին բաժինը յատկացուած է հեղինակի հրապարակախօսական յօդուածներուն։ ԺԱՄԱՆԱԿ եւ «Ժողովուրդի ձայնը» թերթերուն մէջ Թէքէեանի իր անունով հրատարակած յօդուածներէն ընտրանի մը կարելի է գտնել այս բաժնին մէջ։ Յօդուածները առհասարակ կը վերաբերին սահմանադրութեան հռչակման անմիջական վաղորդայնի իրադարձութիւններուն՝ օսմանեան քաղաքական ու հայկական հասարակական կեանքի ինչ-ինչ դըր-ւագներուն։
Երկրորդ բաժինը յատկացուած է գրական ու գեղարուեստական յօդ-ւածներուն կամ յօդուածաշարքերուն, որոնք նոյնպէս հրատարակուած են ԺԱՄԱՆԱԿ-ի, «Ժողովուրդի ձայնը-Ժամանակ»ի կամ Գահիրէի «Արեւ»ին մէջ։ Կարդալով այդ յօդուածները կարելի է գաղափար ունենալ ո՛չ միայն յետեղեռնեան արեւմտահայ գրական ու մշակութային կեանքին մասին, ինչպէս նաեւ ծանօթանալ Վահան Թէքէեանի մօտեցումներուն՝ Խորհրդային Հայաստանի գրականութեան, գրական անցուդարձերուն եւ նոյնիսկ 1922-ի ուղղագրական փոփոխութեան մասին։
Վերջին բաժինը, որ թերեւս ամենահետաքրքրականը կարելի է նկատել, Թէքէեանի յուշերն են։ Գրական աշխարհէն դէմքերու, արեւմտահայ քաղաքական-հասարակական կեանքէն անցուդարձերու մասին Թէքէեանի վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ իր անձնական կեանքէն դրուագներու ներկայացումը տարբեր անցքերու ու յայտնի անձերու մասին նոր բացայայտումներ կատարելու առընթեր, հաճելի ընթերցանութիւն մըն ալ կը պարգեւեն կարդացողին։
«Երկու դրախտները» հատորի իւրաքանչիւր բաժնէն ետք տեղադրուած են ծանօթագրութիւններ։ Հոն կարելի է գտնել նաեւ Թէքէեանի՝ ժամանակի մամուլին մէջ հրատարակուած երգիծանկարները, ինչպէս նաեւ հօր՝ Գալուստ Թէքէեանի Պաղլարպաշըի մէջ գտնուող շիրմին լուսանկարը։ Հատորի աւարտին դրուած յատուկ անուններու ցանկն ալ կը դիւրացնէ պատմաբաններու կամ գրականագէտներու աշխատանքը։