ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ միջոցէ մը ի վեր սպասուած նոր տեսակցութիւնը հաւանաբար յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին տեղի ունենայ Ժընեւի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գերագոյն մարմնի նիստէն վերջ այս մասին կատարուեցան հաղորդումներ։ Կուսակցութեան երեսփոխաններէն Արմէն Աշոտեան ըսաւ. «Նիստի ընթացքին հպանցիկ անդրադարձանք նաեւ յաջորդ շաբաթ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու՝ Ժընեւի մէջ կայանալիք հանդիպման, զոր նախաձեռնած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները»։

Արմէն Աշոտեան յայտնեց, որ Արցախի հիմնախնդրի վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումները ծանօթ են բոլորին։ Բոլորովին վերջերս Նախագահ Սերժ Սարգսեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն անգամ մը եւս ներկայացուց այդ դիրքորոշումները։ «Հաւատարիմ ըլլալով բանակցային ձեւաչափին եւ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած սկզբունքներուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը պիտի մասնակցի յաջորդ շաբաթ կայանալիք հանդիպման՝ հակառակ Ատրպէճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու վերջին յայտարարութիւններուն», մատնանշեց Աշոտեան։

Ակնյայտ է, որ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ընթացքին ընդունուած սկզբունքները կը մնան բանակցային գործընթացի եւ վըս-տահութեան մթնոլորտի վերականգնման ձեւաւորման բանակցային սեղանին վրայ։ «Այս տեսանկիւնէն մենք բազմիցս շեշտած ենք մեր մօտեցումը, թէ բանակցային գործընթացի յաջող ընթացքին համար հարկաւոր է ստեղծել արժանահաւատ եւ անվտանգ միջավայր մը, ստեղծել դէպքերու հետաքրքրութեան վստահելի դրութիւններ», եզրափակեց Արմէն Աշոտեան։  

Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ վերջին օրերուն Սոչիի մէջ մասնակցած էին ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017