ՓՈՒԹԻՆ ՄԻՆՉԵՒ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ԹԵՀՐԱՆ

Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին կը պատրաստուի մինչեւ տարեվերջ այցելել Թեհրան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փութինի դիւանագիտական հարցերով գլխաւոր խորհրդական Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ Թեհրանի մէջ նախատեսուած է եռակողմանի ձեւաչափով գագաթաժողով մը։ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի, Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Վլատիմիր Փութին պիտի մէկտեղուին այդ գագաթաժողովին ընթացքին։

Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ Փութին սկզբունքօրէն որոշած է մասնակցիլ Թեհրանի այդ հանդիպման, որու ստոյգ ժամկէտը տակաւին յայտնի չէ։ Այս պահուն միայն պարզ է, որ Ռուսաստան-Իրան-Ատրպէյճան գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ մինչեւ նոր տարի։

Եռակողմանի հանդիպման ընթացքին կը քննարկուին տարածքաշրջանային համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Իրանի դէմ ձեռնարկուած միջազգային պատժամիջոցներու ջնջումէն վերջ Թեհրանի ղեկավարութիւնը որոնումներու մէջ է՝ իր միջազգային առեւտուրի ուղղութիւններն ու հաղորդակցութիւնները տեսակաւորելու ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ Իրան կը ջանայ այլընտրանքային ճամբաներով հասնիլ նաեւ դէպի Ռուսաստան։ Տարանցիկ երկիր ըլլալու թեկնածուներէն մին է Ատրպէյճան։ Ինչպէս ծանօթ է, Իրան Հայաստանի հետ ալ աշխատանք կը տանի՝ դէպի հիւսիս հաղորդակցութեան նոր ուղղութիւններ ունենալու առաջադրութեամբ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017