ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԵՒ ԱՆԹԵՐԻ

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովը երէկ եզրափակուեցաւ Երեւանի մէջ։ Գագաթաժողովի աւարտին Հայաստան ստանձնեց այս կազմակերպութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը։ Յաջորդ գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ երկու տարի վերջ Թունուսի մէջ, որ այս կազմակերպութեան հիմնադիրներէն մին է։ Հարկ է նշել, որ 2020 թուականի այդ գագաթաժողովին պիտի նշուի նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։

Երեւանի գագաթաժողովի եզրափակիչ փուլին յայտարարուեցաւ նաեւ կազմակերպութեան նոր ընդհանուր քարտուղարի անունը։ Այսպէս, այդ պաշտօնը ստանձնեց Ռուանտայի Արտաքին գործոց նախարար Լուիզ Մուշիքիվապօ, որ կը յաջորդէ Միքայէլ Ժանին։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուան վստահութիւն յայտնեց, որ նոր ընդհանուր քարտուղարը ֆրանսախօսութեան շարժման մէջ պիտի զարգացնէ երիտասարդութեան նիւթերը։ Երէկ, նոր ընդհանուր քարտուղարին անունը հրապարակուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշնիեանի կողմէ։ Այս վերջինը շնորհաւորեց Մուշիքիվապոն, որուն մաղթեց յաջողութիւններ։ Փաշինեան նաեւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Միքայէլ Ժանի տարած աշխատանքին շուրջ։ Գագաթաժողովը աւարտին հասաւ Երեւանի հռչակագրի ընդունումով։

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, որ գագաթաժողովի առթիւ այցելեց Երեւան, երէկ իսկ հրաժեշտ առաւ։ Ֆրանսա վերադառնալէ առաջ Մաքրոն Փաշինեանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ գագաթաժողովի կատարեալ ու անթերի կազմակերպուած ըլլալուն համար։ Իր կարգին, Փաշինեանն ալ ժողովներու աւարտին յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է աշխատանք տանի Ափրիկէի մէջ ներկայութիւն ապահովելու նպատակով։

Միւս կողմէ, Երեւանի ղեկավարութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն։ Այս վերջինը Ֆրանսախօսութեան գագաթաժողովին առթիւ մեկնած էր Երեւան, ուր շարունակեց մնալ ժողովներու աւարտին։ Թրիւտօ երէկ ընդունուեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Փաշինեանի կողմէ։ Երեկոյեան ալ պետական ընթրիք մը սարքուեցաւ իրեն ի պատիւ։ Թրիւտօ այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ։ Հայաստանէն հրաժեշտ առնելէ առաջ ան կ՚այցելէ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2018