90 ՏԱՐԵԿԱՆ

Աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեան դարձած է արդէն 90 տարեկան։ Ան հայկական երաժշտական աշխարհի կենդանի առասպելներէն մին է ներկայիս։ Ճիւան Գասպարեանի 90-ամեակը կ՚արժանանայ անմիջական հետաքրքրութեան, բոլորը իրեն կը յղեն բարեմաղթանքներ։ Երէկ, Գասպարեանի տարեդարձին առթիւ իրեն շնորհաւորականներ ուղարկեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Մինչ այդ, Ճիւան Գասպարեան տեղեկացուց, որ ջնջած է իր 90-ամեակի յայտագիրը, որովհետեւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի կորուստը մեծ տխրութիւն պատճառած է իրեն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2018