ԱՐՏԱԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ։ Հայաստանի կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ անմիջական աջակցութիւնով սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։ Քննարկուեցան կառավարութեան քայլերուն եւ գործողութիւններուն եւ դիւանագիտական ասպարէզի մէջ գործադրուած ջանքերուն վերաբերեալ հարցեր։ Քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց դիտարկումներն ու առաջարկները այժմու պատերազմին եւ հայկական կողմի ապագայ քայլերուն կապակցութեամբ։ Զրուցակիցները ողջունեցին նման ձեւաչափով կարծիքներու փոխանակումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նշուեցաւ, որ կախուած իրավիճակէն՝ այսպիսի հանդիպումները կրնան կրել շարունակական բնոյթ։ Արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներն ալ մամուլին յայտնեցին, որ տեղեկատուական բնոյթով հանդիպում մը տեղի ունեցած է։ Անոնք ներկայացուցած են իրենց տեսակէտները, շօշափուած է նաեւ Արցախի անկախութեան հարցը։ Հանդիպման ընթացքին որեւէ որոշում չէ ընդունուած։

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի սկսած օրէն ի վեր Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմէն ներս դէպքերու ընթացքը բոլոր երեսակներով խոշորացոյցի տակ առնուած է։ Հայաստանի նախկին երեք նախագահները՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան եւս շարժման անցած են անխուսափելիօրէն։ Պատերազմի սկսելէն վերջ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան այցելեցին Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի երեք նախկին նախագահներու՝ Ռոպերթ Քոչարեանի, Արքատի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հանդիպումը։ Արցախի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ՝ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ խորհրդակցութիւն մը՝ Պաշտպանութեան բանակի նախկին գրեթէ բոլոր հրամանատարներու մասնակցութեամբ։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ պատերազմի սկսելէն ի վեր յաճախակիօրէն տեղ կը գտնեն նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները։ Այսպէս, Հայաստանի առաջին վարչապետ Վազգէն Մանուկեանի համոզմամբ, այժմ պատերազմը շարունակել՝ հիմքին դնելով միայն հայ երիտասարդութեան հերոսութիւնը, քիչ է խաղաղութեան հասնելու համար։ Պէտք է փոխուի դաշնակիցներու հետ քաղաքականութիւնը։ Խորհրդարանի նախկին նախագահներէն Տիգրան Թորոսեան կ՚ընդգծէ, որ իրաւական միակ լուծումը Արցախի միջազգային ճանաչումն է։ Նախկին վարչապետներէն Արամ Սարգսեան հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Ատրպէյճան ճակատի վրայ ոչինչ ապահոված է»։ Ըստ իրեն, հրադադարը պատճառ կրնայ դառնալ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կորսնցնէ իշխանութիւնը։ Նախկին նախարար Արմէն Աշոտեան վերջին օրերուն յայտնեց, որ Արցախի մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակը չէ փոխուած եւ սա հայոց բանակի նուաճումն է։

Վերլուծաբան Թեւան Պօղոսեան մեկնաբանեց անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ յայտարարուած հրադադարը։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճան բանակցութիւններու գնաց՝ գիտակցելով իր գործողութիւններու հետեւանքներուն։ Նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Վաղարշակ Յարութիւնեանի կարծիքով, Անգարայի ճնշումով Պաքու կը խափանարարէ Ռուսաստանի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Այս մօտեցման կը համընկնի նաեւ Կարէն Պեքարեանի տեսանկիւնը, ըստ որու Թուրքիա Ատրպէյճանը կը դրդէ պատերազմը շարունակելու խափանարարելով կարգաւորման գործընթացը։ «Փաստ» թերթն ալ գրեց, որ Թուրքիա լուսանցքի վրայ թողած է Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը։

Վերջին օրերուն հայկական լրահոսին վրայ ուշադրութիւն կը գրաւեն նաեւ մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց հրադադարի վերջին խախտումները կը համարուին Մոսկուային ուղղեալ համատեղ պատգամ մը՝ Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ։ Այս պատերազմը տարածքաշրջանէ ներս նոր դերաբաշխումի համար պայքար մըն է։ Թուրքիա կը փորձէ անմիջական ու ծանրակշիռ ձեւով ներգրաւուիլ։ Պատերազմի նպատակներէն մին է տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութեան ընկալումներու եւ ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութիւնը։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ քառանախագահութեան դրութիւն մը կրնայ սկսիլ գործել՝ Թուրքիոյ յաւելումով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահութեան վրայ։ Սա ՆԱԹՕ-ի ներգրաւումը կը բերէ իր հետ, որովհետեւ այդ պարագային դաշինքը ձեւով մը սահմանակից պիտի դառնայ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին։ Մեծ հաշուով, ճակատի վրայ այս պահուն կ՚որոշուի աւելի լայն աշխարհաքաղաքական վերադասաւորումներու հարց մը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2020