ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Օտարերկրեայ պետութիւններու դեսպաններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկեց Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան շեշտեց, որ մարդասիրական տագնապը կանխելու միջոցը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման ճանաչումն է։ Հանդիպման տեւողութեան Փաշինեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ձեռնարկուած պատերազմին մասին։ Բաց աստի, ան հերթական անգամ խօսեցաւ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան մասին՝ միշտ արտայայտելով Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ յաճախ բարձրաձայնուած քննադատութիւններն ու անհանգստութիւնները։ Օտար դիւանագէտներու հետ զրուցելու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան առանձնայատուկ ձեւով մատնանշեց նաեւ Ատրպէյճանի զօրքերու շարքերէն ներս վարձկաններու եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու ներկայացուցիչներու գտնուելու խնդիրը։ «Ռազմական գործողութիւններն ու անոնց բնոյթը անգամ մը եւս ի ցոյց դրին, որ հայ ժողովուրդը, հայերը, Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կը գտնուին գոյութենական վտանգի տակ։ Եւ եթէ Ղարաբաղի բնակավայրերը ռմբակոծելու քաղաքականութիւնը համադրենք այն ատելութեան քաղաքականութեան հետ, որ վերջին 15 տարուայ ընթացքին զարգացած է Ատրպէյճանի մէջ՝ ապա ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի պաշտօնական, քաղաքական նպատակն է՝ ոչնչացնել հայերը առնուազն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ըսաւ Փաշինեան։ Բաց աստի, ան դիտել տուաւ, որ արդէն մարդասիրական ճգնաժամ մը յառաջացած է եւ Երեւանի գնահատականով՝ այդ մէկը կանխելու համար արդիւնաւէտ միակ միջոց մը կրնայ ըլլալ՝ միջազգային հանրութեան կողմէ վերոյիշեալ բոլոր փաստերու պաշտօնապէս արձանագրումը եւ, ի վերջոյ, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը, ընդհուպ անկախութեան ճանաչումը։

Այս հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին։ Կառավարութենէն դուրս գալու ժամանակ ան զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ռուս դեսպանը այս փուլին յայտնեց, որ Արցախի մէջ խաղաղապահներու տեղակայման հարցը չէ քննարկուած Փաշինեանի հետ երէկ կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2020