ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ՉԵՆ ԴԱԴՐԻՐ

Արցախի ճակատին վրայ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին՝ հակառակ անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ կատարուած հրադադարի վերաբերեալ յայտարարութեան։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբերը՝ Վահրամ Պօղոսեան երէկ յայտնեց, որ Ատրպէյճան բաւականաչափ անկանխատեսելի է իր վարքագիծով։ Անդրադառնալով հրադադարի խախտումներուն՝ Վահրամ Պօղոսեան յայտնեց, որ կը դժուարանայ որեւէ ակնկալութիւն ունենալ Ատրպէյճանի հետ կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւններէն եւ հրադադարի վերաբերեալ խորհրդակցութիւններէն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին կողմէ կազմակերպուած առցանց ասուլիսի ընթացքին ան ըսաւ. «Մենք տեսանք, որ ընդամէնը օրեր առաջ տեղի ունեցաւ մարդասիրական հրադադարի մասին համաձայնութիւն, սակայն Ատրպէյճան այդ հրադադարը պահելու որեւէ ցանկութիւն չունի։ Արդէն բաւական ժամանակ անցած է հրադադարի ի զօրու դարձած ժամէն, բայց կը շարունակուին Ատրպէյճանի կողմէ յարձակումները, հրետակոծութիւններն ու հրթիռակոծութիւնները»։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ բանբերը աւելցուց նաեւ հետեւեալը. «Արցախի ժողովուրդը այսօր շատ ամուր կանգնած է։ Անվտանգութեան բերումով, ի հարկէ, եղած են բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք փոխադրուած են աւելի ապահով վայրեր, բայց, ընդհանուր առմամբ, Արցախի ժողովուրդը կանգնած է, հայ ժողովուրդը կանգնած է։ Չենք պատրաստուիր որեւէ տեղ երթալ մեր հայրենիքէն»։

Երէկ օրուան երկրորդ կէսին կատարուած այս յայտարարութիւններէն վերջ, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս առաւօտ ճակատի հարաւային, հիւսիսային, հիւսիս-արեւելեան եւ արեւելեան ուղղութիւններով Ատրպէյճանի զօրքերը վերսկսած են աշխոյժ հրթիռակոծութիւնները, որոնց զուգահեռ կը ձեռնարկեն յարձակողական գործողութիւններու։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ այս առաւօտ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով հերքեց Պաքուի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած շարք մը հաղորդումները, ըստ որոնց հայկական կողմը կրակի տակ առած է Ատրպէյճանի զանազան շրջանները։ Հայկական աղբիւրները այս առաւօտ մասնաւորապէս ընդգծեցին, որ Հադրութը եւ Թալիշը կը գտնուին ամբողջական վերահսկողութեան ներքեւ։ Երէկ գիշեր Ատրպէյճանի զօրքերը քաղաքացիական շինարարութիւններ թիրախաւորած են՝ մասնաւորապէս Մարտակերտի եւ Արցախի այլ զանազան շրջաններէն ներս։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանն ալ երէկ երեկոյեան սարքած հերթական մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան չ՚ընդունիր միջազգային կառոյցներու ներկայութիւնը մարտի դաշտէն ներս։ «Գերիներու եւ դիակներու փոխանակումը պէտք է իրականացուի միջազգային համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչներու երաշխիքով։ Անոնք պէտք է մտնեն մարտական գործողութիւններու վայր, ինչ որ բացարձակապէս կատարել չ՚ուզեր Ատրպէյճան եւ չ՚ընդունիր», ըսաւ Յովհաննիսեան։

Այս բոլորէն վերջ, այսօր կէսօրուան ժամերուն ալ Վահրամ Պօղոսեան տեղեկացուց, որ այս առաւօտէն սկսեալ առաջնագծի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները ընթացքի մէջ են։ Ատրպէյճան կոպտօրէն կը խախտէ մարդասիրական հրադադարը՝ հրետանային զինատեսակներով գնդակոծելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերը։ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութիւններուն կը մասնակցին նաեւ քանի մը հազար վարձկաններ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը ծանր մարտեր կը մղէ՝ կասեցնելու համար այս նախայարձակ գործողութիւնները։

Միւս կողմէ, Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ պնդուեցաւ, թէ Թուրքիա կը ձգտի թոյլ չտալ հրադադարի իրականացումը՝ իր բոլոր հնարաւոր միջոցներով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2020