ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ԲԱԶՄԱՄԱՐԴ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐ ԵՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Արցախի հրատապ իրադարձութիւնները համայն հայութեան ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած են։ Սփիւռքի զանազան հայաշատ կեդրոններէն ներս կը կատարուին ցոյցեր՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Հայաստանի։ Այդ հաւաքները կ՚արժանանան նաեւ տուեալ երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան։ Համապատասխան հրապարակումները ձեւով մը ազդեցութիւն կը գործեն նաեւ այդ երկիրներու քաղաքական դիրքորոշումներուն վրայ։ Մասնաւորապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան հայաբնակ քաղաքներուն մէջ կազմակերպուած ցոյցերը կը դառնան ուշագրաւ։ Սոյն ծիրէն ներս առանձնացաւ շաբաթավերջին Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած մեծ հանրահաւաքը։ Շուրջ 100 հազար ամերիկահայ մասնակցեցաւ այս ցոյցին։ Ամերիկեան յառաջատար բոլոր լրատուամիջոցները անդրադարձան այս իրադարձութեան՝ շեշտելով, որ մասնակիցները եղած են չափազանց խաղաղ։ «Արցախը յարձակման տակ է. խաղաղութեան երթ» կարգախօսով կազմակերպուած ցոյցի մասնակիցները կը կրէին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները։ Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունեցաւ այս բողոքի ցոյցին մէկ մասը։ Ցուցարարները կը պնդէին, որ Թուրքիան մեղաւոր է ռազմական գործողութիւններու համար։

Միւս կողմէ, ի զօրակցութիւն Արցախի հայաշխարհէն ներս սկսած է մեծ հանգանակութիւն մը։ Պատերազմական թէժ գործողութիւններու իրավիճակին մէջ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած է արդիւնաւէտ նուիրահաւաքման արշաւ մը։ Աշխարհի բոլոր կողմերէն հայ անհատներ կամ հայկական հաստատութիւններ մասնակցութիւն կը բերեն այս հանգանակութեան։

Հաստատութիւններու շարքին առանցքային դեր կը կատարէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ)։ Բաց աստի, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը եւ այլ կառոյցներ եւս կը մասնակցին այս նախաձեռնութեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ այս հանգանակութեան կը միացնէ Արցախի համար իր բարերարներուն կողմէ փոխանցուած նուիրատուութիւնները։ Համազգային հանգանակութեան կարեւոր մասնակցութիւն բերած են նաեւ սփիւռքի շարք մը խորհրդանշական դէմքեր, որոնք յայտնի են իրենց բնագաւառներուն մէջ։ Այդ անուններու շարքին են յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեան (Ռուսաստան), հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան (ԱՄՆ) եւ այլք։

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը տեղեկացուց, որ ի զօրակցութիւն Արցախի հանգանակուած նուիրատուութիւնները արդէն հատած են 100 միլիոն ամերիկեան տոլարի շեմը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2020