ԱՀԱՒՈՐ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ  ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Սա­գօ Ա­րեան կը տե­ղե­կաց­նէ մե­զի.-

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին եր­կու ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում­ներ գրան­ցուե­ցան Պէյ­րու­թի մէջ: Անձ­նաս­պա­նա­կան պայ­թում­նե­րու մի­ջո­ցաւ ե­ղած ա­հա­բեկ­չու­թեան զոհ գա­ցին 43 քա­ղա­քա­ցի­ներ, մինչ վի­րա­ւո­րեալ­նե­րուն թի­ւը ան­ցաւ 230-ը: Զո­հե­րու կար­գին էր նաեւ շրջա­նին մէջ շեշ­տուած ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցող «Հիզ­պուլ­լա­հ»ի մէկ պա­տաս­խա­նա­տուն: Մինչ լի­բա­նա­նեան եւ մի­ջազ­գա­յին վա­ւե­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ կը դա­տա­պար­տէին ե­ղած պայ­թում­նե­րը, «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չեան խմբա­ւո­րու­մը, իր թուի­թը­րեան է­ջին վրայ գրա­ռու­մով մը կը ստանձ­նէր ոճ­րա­յին պայ­թում­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը: Լի­բա­նա­նեան «Ալ Ժա­տի­տ» կա­յա­նը ա­ւե­լի ուշ յայ­տա­րա­րեց, որ պայ­թում­նե­րէն զատ կար նաեւ եր­րորդ անձ­նաս­պան մը, որ պայ­թում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցած էր եւ չէր կրցած իր ա­կա­նուած գօ­տին պայ­թեց­նել: Տա­կա­ւին կը խօ­սուի չոր­րորդ ա­հա­բե­կի­չի մը մա­սին, սա­կայն այդ լու­րը մին­չեւ այս պա­հը ստոյգ չէ: Շիի քա­ղա­քա­ցի­նե­րով բնա­կե­ցուած Պըրժ Ալ Պա­րաժ­նէ շրջա­նին մէջ ե­ղած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը ուղ­ղուած էր ոչ միայն երկ­րի շիի հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րուն կամ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ին դէմ, այլ՝ ամ­բողջ Լի­բա­նա­նին: Եւ իբր այդ եւս այ­սօր ե­րե­ւե­լի է, որ տե­ղի ու­նե­ցած պայ­թու­մը ա­ւե­լիով ամ­րա­ցուց նոր ծիլ տուած քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան մը ընդ­հա­նուր ուղ­ղու­թիւ­նը: Լի­բա­նան­ցի­ներ լաւ գի­տեն, որ Սու­րիոյ մէջ ուռ­ճա­ցած Ի­ՇԻՊ-ն ու ա­նոր քոյր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հիմ­նա­կան թի­րա­խը Լի­բա­նանն է եւ ա­նոր կա­յու­նու­թիւնն ու ա­պա­հո­վու­թիւ­նը: Այս պատ­կե­րին դի­մաց ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ մի­ջազ­գա­յին ա­մե­նա­բարձր շրջա­նակ­ներ սկսեալ ՄԱԿ-էն, Եւ­րո­պա­կան միու­թե­նէն, անց­նե­լով Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Ռու­սաս­տան, Ի­րան ու Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա, բո­լո­րը հա­մա­միտ են, որ Լի­բա­նան հե­ռու պէտք է պա­հուի Սու­րիոյ մէջ տա­րա­ծուած հրդեհ­նե­րէն: Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ այս մօ­տե­ցու­մը իր բնա­կան պատ­ճառ­նե­րը ու­նի, սա­կայն յստակ է, որ շրջա­նին մէջ քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու խմոր­ման այս հանգ­րուա­նին Պէյ­րութ կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս ա­հա­բեկ­չու­թեան հա­մար ա­մե­նէն թա­փան­ցիկ եւ հա­սա­նե­լի թի­րախ: Երկ­րի կրօ­նա­կան եւ հա­մայն­քա­յին դրուած­քին հե­տե­ւան­քով Լի­բա­նան կը շա­րու­նա­կէ մնալ խո­ցե­լի: Այս բո­լո­րէն ան­դին սա­կայն, երկ­րի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն միա­կա­մու­թիւ­նը, որ նաեւ շեշ­տա­կիօ­րէն ե­րե­ւե­լի դար­ձաւ ե­րէկ, ցոյց տուաւ, որ Լի­բա­նա­նը նոր ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւն­նե­րէ հե­ռու պա­հե­լու քա­ղա­քա­կան կամք մը գո­յու­թիւն ու­նի: Ա­մէն պա­րա­գա­յին գաղտ­նիք ալ չէ, որ Մի­ջին Ա­րե­ւե­լեան ջու­րե­րը չեն կրնար խա­ղա­ղիլ այն­քան ա­տեն, երբ Սու­րիոյ տագ­նա­պը լուծ­ման հու­նին մէջ չէ կամ առ­նուազն այդ տագ­նա­պին հա­մար լու­ծում­ներ ո­րո­նե­լու ընդ­հա­նուր մթնո­լորտ մը չկայ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2015