ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ
Անգարայի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ արտասահմանէն շարք մը բարձրաստիճան այցելուներ։ Ճաբոնի Վարչապետ Շինզօ Ապէ շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ՝ ընդունուելով Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Այսպէս, Էրտողան եւ Ապէ կ՚ունենան առանձնազրոյց մը, կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցու-թիւնները ու կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Էրտողան պաշտօնական ընթրիքի սեղանով մըն ալ կը պատուէ հիւր վարչապետը։ Կը քննարկուին երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։
Բաց աստի, այսօր Անգարայի մէջ շփումներ կ՚ունենայ նաեւ Անգլիոյ Պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆալոն։ Չանքայայի ապարանքին մէջ հիւր նախարարը կ՚ընդունուի Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի կողմէ։