ՀԱՄԱԽՄԲԵԼ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հետեւողական ջանքերով վերջին տարիներուն յառաջ կը տարուի Հայկական համացանցային համալսարանի (ՀՀՀ) գործունէութիւնը։ Այս ծրագիրը հայ իրականութեան տեսակէտէ ունի էական նշանակութիւն՝ ինքնութեան վերաբերեալ արդի մարտահրաւէրներու դիմագրաւման տեսանկիւնէն։ ՀԲԸՄ-ի կողմէ ՀՀՀ-ին ընդհանուր վերահսկողութիւնը կը կատարուի ամերիկահայ յայտնի գործիչ Երուանդ Զօրեանի նուիրեալ ջանքերով։ Վերջերս, Պուտափեշտի մէջ կայացած «Եւրոպայի սփիւռքներ»ու «Ժառանգութիւն եւ յիշողութիւն» նիւթով գիտաժողովին կը մասնակցէր նաեւ ՀՀՀ-ի հիմնադիր ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Երուանդ Զօրեան, որ հանգամանօրէն մասնակիցներուն ներկայացուց ՀՀՀ-ի ծրագիրն ու առաքելութիւնը։ Նկատի ունենալով այն հետաքրքրութիւնը, որ յառաջացուց անոր ներկայացումը օտար եւ հայ միջավայրի մէջ, եւ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար այս ծրագրի բովանդակութեան՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան շահեկան տեսակցութիւն մը ունեցած է Երուանդ Զօրեանի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս հարցազրոյցը։
-Դուք բաւական կարեւոր պատասխանատուութիւններ ստանձնած էք որպէս ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ։ Նաեւ հիմնադիրն էք ՀՀՀ-ին։ Նախքան ՀՀՀ-ի վերաբերող կալուածին անցնիլը, կարելի՞ է հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացնել վերջին շրջանին ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ուղեգիծը եւ գործունէութեան դաշտը։
-Հարիւրամեայ Բարեգործականի աշխատանքի ծիրին մէջ կ՚իյնան գլխաւորապէս հայ մշակոյթի զարգացումը եւ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը։ Այսօր սակայն ժամանակի պահանջները փոխուած են, հետեւաբար կամայ թէ ակամայ մեր միութիւնն ալ ինքզինք վերանորոգելու ընթացքի մէջ կը գտնուի, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր եւ արդիական միջոցներով հոգալ մանաւանդ երիտասարդներուն կարիքները։ Ներկայիս երկրորդ հարիւրամեակի աշխատանքները յատկապէս կեդրոնացած են կրթական ծրագիրներու պատրաստութեան եւ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը ապահովելու գործընթացին վրայ՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ ի սփիւռս աշխարհի։ Երբ մենք երիտասարդ էինք, ունէինք մարզական, մշակութային միութիւններ, միօրեայ կամ ամէնօրեայ դպրոցներ, ուր դասաւանդութիւնները կը կատարուէին աւանդական մեթոտներով։ Այսօր ունինք անկախ Հայրենիք մը, որ Սփիւռքի երիտասարդները իրարու մօտեցնելու կեդրոնը կը հանդիսանայ, ուր կ՚իրագործենք մանկական եւ երիտասարդական ամառնային ծրագիրներ։
-ՀՀՀ-ի ծրագիրն ալ այս կամ այն ձեւով կապուա՞ծ է Հայաստանին։
-Այդպէս է, բայց այս անգամ մեր համայնքները առցանց միջոցով կը կապենք Հայաստանին։
-Չէ՞ք կարծեր, որ այսօր ձեր գործունէութեան կալուածը Հայաստան փոխադրելով սփիւռքեան կառոյցները իրենք զիրենք ձեւով մը լքուած կը զգան, նկատի ունենալով արտասահմանի հայութեան ծով կարիքները։ Չմոռնանք, որ հոս ալ հայկական հաստատութիւնները վերանորոգման կը կարօտին։
-Բարեգործականի պարագային կրնամ ըսել թէ այսօր 35 երկիրներու մէջ գործող միութիւններ ունինք, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր խումբերով ու վարչութիւններով մեծ աշխատանք կը տանի թէ՛ տեղական եւ թէ միջհամայնքային մակարդակով։
-Բարեգործականի Ֆրանսայի մասնաճիւղին օրինակը բերելով՝ կարելի է ըսել, թէ մշակութային գետնի վրայ ձեռնարկներ կ՚իրագործուին, բայց նոյնը չենք կրնար ըսել կրթական մարզի պարագային։ Բացի շաբաթօրեայ դասընթացքներէ, ոչ մէկ ներդրում կայ ամէնօրեայ դպրոցի մէջ։
-Անմիջապէս նշեմ, թէ անձնապէս ինծի համար կրթութիւնը չի սահմանափակուիր միայն դպրոցով, այլ՝ մշակութային ձեռնարկներով, թերթով կամ գրադարանով, որոնք մեր հայեցի գիտելիքները զարգացնելու գործին կը ծառայեն։ Մեր կարծիքով՝ ներկայ դարուս համացանցը իրապէս նուէր մըն է հանրութեան եւ մանաւանդ մեզի համար որպէս հայ, որ կ՚ապրինք աշխարհի 150 երկիրներու մէջ եւ նոյն այդ համացանցի միջոցաւ է, որ իրարու հետ կապ կը ստեղծենք, իրարու կը ծանօթանանք եւ տեղեկութիւններ կը փոխանցենք։ Մենք պէտք է կարենանք առաւելագոյնս օգտուիլ անոր բարիքներէն եւ հայկական իրադարձութիւնները սփռել աշխարհով մէկ մեր հայրենակիցներուն։ Ինչպէս եղաւ Սրբադասման արարողութեան պարագային, երբ աշխարհի հայկական թէ օտար եկեղեցիները միաժամանակ սփռեցին այդ իրադարձութիւնը, որ -ի մէջ այլոց- իրականացաւ ՀԲԸՄ-ի համացանցային մէկ ծրագրին միջոցաւ։
-Երբ կ՚ըսենք, թէ Հայաստանը կարեւոր քառուղի մըն է մեզի համար, ատիկա կը նշանակէ, որ համացանցէն անդին ֆիզիքական ներկայութիւնն ալ իր նշանակութիւնը ունի եւ այս պարագան խօսուն է նաեւ Սփիւռքի մէջ մեր գոյատեւման առումով, Սփիւռքի մէջ ալ համայնքներու անդամներ պէտք է իրարու հանդիպին…։
-Համաձայն եմ ձեզի հետ եւ կրնամ ըսել, որ համացանցը եւ ֆիզիքական շփումը զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Քիչ առաջ երբ ակնարկեցիք մեր ուժերը միայն դէպի Հայաստան կեդրոնացնելու հարցին, կ՚ուզէի այդ առընչութեամբ յայտնել, թէ ատիկա մեր գործունէութեան թերեւս ցայտուն եւ երեւցող կողմն է, բայց իրականութեան մէջ այդպէս չէ, որովհետեւ Բարեգործականը ամէնուր կը փորձէ զանազան ձեռնարկներով երիտասարդութիւնը իրարու մօտեցնել, իրարու շուրջ հաւաքել։ Վերջերս Թորոնթոյի մէջ համախմբուեցան 25-էն 40 տարեկան շուրջ 400 հայ երիտասարդ համալսարանաւարտ մասնագէտներ, աշխարհի զանազան կողմերէն, որոնց համար կազմակերպած էինք դասախօսական երեկոյթներ, այցելութիւններ, եւայլն։ Ասիկա ՀԲԸՄ-ի միջգաղութային ծրագիրներուն մաս կը կազմէ։ Նախապէս ալ նման ձեռնարկներ կազմակերպած ենք Փարիզի, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։ Ընդհանուր առմամբ ՀԲԸՄ-ը 30 տարբեր քաղաքներու մէջ հայ երիտասարդ մասնագէտներու խումբեր ունի, որոնք նաեւ Հայաստանի մէջ ծրագիրներ կ՚իրագործեն։
-Լաւ է, որ ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան հիմնական թիրախը երիտասարդութիւնն է. նկատի ունենալով որ աւանդական առումով Սփիւռքի կարեւոր հաստատութիւններն են՝ եկեղեցին, միութիւնները, դպրոցը եւ մամուլը, ձեր կարծիքով ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմել, որպէսզի երիտասարդութիւնը համախմբուի այդ կառոյցներուն շուրջ եւ նոր շունչով վերանորոգէ զանոնք։
-Նախ հարկ է երիտասարդներուն առիթ տալ, որպէսզի իրենք զիրենք ղեկավարեն։ Երիտասարդին որոշ անկախութիւն տալը շատ կարեւոր ազդակ մըն է, որովհետեւ ան պէտք է կարենայ կառավարել սորվիլ իր ձեւերով, իր ոճով, որպէսզի հետագային ալ ի վիճակի ըլլայ իրմէ փոքրերը դաստիարակել, անոնց ուղղութիւն տալ։ Իսկ վերոնշեալ երիտասարդ մասնագէտներու շարքին անշուշտ կան նաեւ լրագրողներ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ հայ մամուլին, բայց նաեւ Հայ Եկեղեցիին, որ հայկական կարեւոր հաստատութիւն մըն է եւ կազմակերպութիւնները առանց եկեղեցիի ամբողջական չեն ըլլար։ Անմիջապէս ըսեմ, թէ նշեալ երիտասարդական խումբերը անկախ են, բայց ատով հանդերձ կը համագործակցին հայկական սփիւռքին մաս կազմող մարմիններուն հետ։ Հետեւաբար ՀԲԸՄ-ը կը պահէ աւանդական կապերը, բայց կը փորձէ արդիական միջոցներով զարգացնել հայ կեանքը։
-Ի՞նչ կը մտածէք լեզուի հարցին կապակցութեամբ։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք երկլեզուութեան պարագան։
-Լեզուի հարցը ցաւալի է, բայց միաժամանակ բնական։ Սփիւռքի մէջ կարելի չէ մէկ սերունդէն միւսը զօրաւոր պահել լեզուն, որովհետեւ բնականաբար ան կրնայ տկարանալ, մանաւանդ այն շրջաններուն մէջ, ուր լեզուն գործածելու դիւրութիւնը չկայ եւ մենք պէտք է ձեւով մը ստեղծենք այդ միջավայրը։ Համացանցային համալսարանը առիթ կու տայ, որ մեկուսացած եւ կղզիացած համայնքները դուրս ելլեն այդ մթնոլորտէն եւ կարելիութիւնը ունենան ուրիշներու հետ յարաբերուելու։ Միւս կողմէ, լեզուն իր բարձր մակարդակին պահելը այդքան ալ դիւրին հարց մը չէ։
-Կարեւոր նորութիւն է ՀՀՀ-ի ստեղծումը, ուր հայերէնը ուղղակի սորվողին կ՚աւանդուի, անհատական կապով, անոր սփիւռքեան հողէն, ապրած միջավայրէն կտրուած։ Յատկապէս մանուկներուն պարագային, երբ դպրոցներուն մէջ կ՚ուզենք հայերէնի դասաւանդումը հաստատել, ընդհանրապէս կրթական ծրագրի հարցը կը ծագի, որովհետեւ երախաներուն համար հայկական կրթութիւնը պէտք է զուգահեռ զարգանայ տեղական պետական կրթական համակարգին հետ։ Եւ նկատի ունենալով, որ տեղական կրթական համակարգերը եւ մշակութային միջավայրը նոյնը չեն, կրթական ծրագիրները մէկ երկրէն միւսը կը տարբերին։ Օրինակի համար, Ամերիկայի մէջ երախան չունի նոյն խորհրդանիշները, նոյն կրթական ծրագրային զարգացումը, ինչ որ ունի Ֆրանսա ապրող երախան։ Տեղական մշակոյթին, մտայնութիւններուն եւ սովորութիւններուն յղումները նոյնը չեն եւ հայ աշակերտը անոնցմէ զերծ մնացած է։ Տեղական պայմաններէն կտրուած, հոս է որ հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ պէտք է հայերէն սորվիլ, հայերէն խօսիլ, եթէ ընկերային յարաբերութեան մէջ պիտի չկարենայ զայն օգտագործել։ Հետեւաբար կ՚ենթադրեմ, թէ ՀՀՀ-ն ալ իր սահմանները ունի։
-Ես քիչ մը ուրիշ անկիւնէ կը դիտեմ հարցը։ Հայեցի կրթութիւնը անկախ է որեւէ երկրի կրթական եւ մշակութային համակարգէն։ Մենք ՀՀՀ-ի միջոցաւ Սփիւռքի զանազան երկիրներու երախաներուն միատեսակ հայեցի դաստիարակութիւն կու տանք եւ այս պարագային կարելի է նոյն դասագիրքը ամէնուր գործածել։
-Հոս նաեւ տարիքի հարցը կը դրուի։ 6 տարեկան մանուկին երբ հայերէնի տառաճանաչումը կը սորվեցնես, ան դիւրութեամբ կ՚ըմբռնէ, որովհետեւ միաժամանակ սկսած է նաեւ տեղական լեզուին տառաճանաչումը։ Իսկ օրինակ՝ 12 տարեկան աշակերտին համար սահուն ընթերցումի շրջան է։ Ան արդէն լեզուամշակութային հսկայ զարգացում ապրած է, տեղական լեզուն սորված է եւ հետեւաբար եթէ նոր պիտի սկսի սորվիլ հայկական այբուբենը 12 տարեկանին, այնքան ալ հետաքրքրական չէ իրեն համար։ Հոս է որ երկու լեզուներու միջեւ կամուրջներ հաստատելու եւ մշակոյթը իւրացնելու լուրջ խնդիր կը ստեղծուի եւ երկլեզուութեան սկզբունքային հարցերը մէջտեղ կը բերուին։ Այստեղ է որ կարեւոր կը դառնայ ուսուցչի մը բովէն անցնելու պահանջը։ Բայց կայ նաեւ հայերէնէ այլ լեզուներու թարգմանութեան հարցը եւ փոխադարձաբար։ Այսինքն երբ պզտիկին հայերէն նախադասութիւն մը կու տաս եւ կ՚ուզես, որ օրինակ՝ նոյնը ֆրանսերէնով կամ անգլերէնով արտայայտէ, այն ատեն ան կը դժուարանայ։
-Ըստ իս, ուսուցչէն աւելի կարեւոր է հայերէնն ալ իբրեւ առաջին լեզու սորվիլը, որովհետեւ այն ատեն հայերէն կը մտածես, հայերէն կը հաշուես եւ հայերէնով խնդիրներ կը լուծես։ Անշուշտ այս ձեւը յարմար է կարելիութեան սահմաններուն մէջ։ Մենք ՀՀՀ-ի միջոցաւ հայերէնը կը սորվեցնենք հայերէնով եւ ոչ թէ ուրիշ լեզուով մը։ Այս պարագային երախան միա՛յն հայերէնի վրայ կը կեդրոնանայ եւ ատոր համար պէտք է պայմաններ ստեղծել, որպէսզի աշակերտը լեզուն օգտագործէ, որովհետեւ տեսականօրէն սորվիլը բաւարար չէ։ Մենք դասերէն դուրս ունինք լսարաններ, ուր մասնակիցները կը խօսակցին իրարու հետ։ Ճիշդ է որ դպրոցը եւ առցանց համալսարանը զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ երկուքն ալ կարեւոր են։ Բայց հոն՝ ուր դպրոց չկայ կամ աշակերտները հայկական դպրոց չեն յաճախեր, անհրաժեշտ է առցանց ուսուցումը։
-ՀՀՀ-ի զարգացման առումով մեծ նորութիւն է տարատիպ (հիպրիտ) կրթութիւնը, որ արդէն ձեր մշակած ծրագրին մաս կը կազմէ։ Որո՞նք են անոր իւրայատկութիւնները։
-Տարատիպը առցանց դասընթացքի եւ աւանդական կրթութեան զուգորդումն է։ Այս ծրագրին առաջին անգամ սկսանք Տուպայիի մէջ։ Տեղեկացնեմ, թէ Շարժայի մեր հայկական եկեղեցին ունի ուրբաթօրեայ դպրոց մը, ուր աշակերտները մինչեւ 6-րդ դասարան հայերէն կը սորվին։ Դպրոցին տնօրէնը մեզի դիմելով հարցուց, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի 6-րդ դասարանը աւարտելէ ետք աշակերտները չցրուին։ Առ այդ մենք իրենց համար մէկ տարուան դասեր պատրաստեցինք եւ այդպէսով անոնք նախկինին պէս Ուրբաթ օրերը կը հաւաքուին եւ այս անգամ առցանց միջոցով հայերէն կը սորվին։ Այնտեղի յաջողութենէն խրախուսուելով նոյն ծրագիրը կիրարկեցինք նաեւ այլ շրջաններու՝ Տիթրոյթի, Պուէնոս Այրէսի, Մոնթէվիտէոյի, Լոս Անճելըսի մէջ եւ այլուր։ Եւ ասիկա կը վերաբերի ո՛չ միայն հայերէն լեզուին, այլ նաեւ՝ հայկական երաժշտութեան, հայոց պատմութեան եւ զանազան այլ նիւթերու։ Ընդհանուր առմամբ ներկայիս շուրջ 15 դպրոցներ հիպրիտ ծրագիրը որդեգրած են։
-ՀՀՀ-ն ունի մասնագիտական, դաստիարակչական, կրթական բաժիններ, ուր մեծ է մասնագէտներու ներդրումը։ Բայց մեզ աւելի կը հետաքրքրէ, թէ որո՞նք են դաստիարակչական բաժնին հեղինակները եւ անոնք ի՞նչ մեթոտներու կամ դասագիրքերու հիման վրայ ծրագիրներ կը մշակեն։
-Իւրաքանչիւր առարկայի կամ նիւթի համար ունինք մասնագէտ մը։ Օրինակ՝ երաժշտական բաժնին պատասխանատուները Երեւանի «Կոմիտաս» երաժշտանոցի երեք դասախօսներն են, որոնք հրաշալի դասընթացք մը պատրաստած են երկու եռամսեայի համար։ Անշուշտ մենք կ՚օգտուինք նաեւ այլ աղբիւրներէ, ինչպէս՝ Հայաստանի Պետական հեռատեսիլը, եւայլն։
-Իսկ արեւմտահայերէնի ուսուցման ծրագրին համար ի՞նչ աղբիւրներէ օգտուած էք, որո՞նք են հեղինակները։
-Ունինք խմբային հեղինակներ։ Ըսեմ, թէ մենք որպէս սկզբունք ընտրած ենք արեւմտեան երկիրներու մէջ երկրորդ լեզուի մը ուսուցման մեթոտը եւ զայն միջազգային մակարդակով մշակելով պատրաստած ենք թէ՛ արեւելահայերէնի եւ թէ արեւմտահայերէնի ուսուցման ծրագիրը։ ՀՀՀ-ի ակադեմական բաժնի ղեկավարը Հայաստանի մէջ Յասմիկ Խալափեանն է, որ կը հսկէ աշխատանքներուն։ Աւելցնեմ, թէ Հայաստան պատրաստուած ծրագիրը անշուշտ կը սրբագրուի, կը խմբագրուի եւ կը վերանայուի Սփիւռքի մեր մասնագէտներուն կողմէ։
Միւս կողմէ մեր կայքէջը եօթ լեզուներով ներկայացուած է։ Այսինքն անկէ կրնան օգտուիլ թէ՛ հայ եւ թէ օտար փափաքողներ։ Ըսել է, թէ հոն տեղ գտած բոլոր նիւթերը կամ դասընթացքները եօթ լեզուներով պատրաստուած են։
-Որո՞նք են ՀՀՀ-ի զարգացման հեռանկարները։
-Նկատի ունենալով, որ մեր ծրագրին թիրախը յատկապէս երիտասարդներն են, բնականաբար միշտ աւելի լաւին ձգտելով պէտք է օրուան պայմաններուն եւ պահանջներուն հետ քայլ պահել։ Մենք արդէն երկրորդ հանգրուանին մէջ կը գտնուինք, քանի որ վեց տարի առաջ պատրաստուածը արդէն հինցած է… Օրինակ՝ լեզուի բաժնին երբ սկսանք՝ կ՚օգտագործէինք ձայնը, նկարը եւ բնագիրը, իսկ այսօր աւելցուցած ենք նաեւ տեսերիզը, քանի որ երկխօսութիւնները այլեւս տեսերիզով կը կատարուին։
Մեր ծրագրին մէջ նաեւ նիւթեր աւելցուցած ենք, ինչպէս՝ ճատրակը եւ ելեկտրոնային գիրքերը։ Այս վերջիններուն միջոցով մարդիկ կրնան պատմութիւն սորվիլ կամ տարբեր մշակոյթներու ծանօթանալ։
-Ընդհանուր առմամբ ՀՀՀ-ի ուսումնական բաժինը պատրաստելու համար քանի՞ հոգի աշխատած է։
-Շուրջ 15 մնայուն պաշտօնեայ ունինք։ Կան նաեւ պայմանագրով աշխատողներ։ Իսկ եօթ լեզուներով ուսուցիչներն ալ մնայուն աշխատակիցներ են։ Բացի ատկէ, մօտ 20 հոգի ալ թեքնիկ բաժիններով կը զբաղին։
-Արդեօք կարելի՞ է ընկերային ցանցերու միջոցաւ ձեզի հետ բաժնել դաստիարակչական նիւթեր։
-Ո՛չ միայն կարելի է, այլ ողջունելի է։ Ըսեմ, թէ մենք դասերու կողքին ունինք նաեւ յաւելեալ նիւթերու բաժին մը, որու ընթացքին ուսանողները տարբեր գրութիւններ կը կարդան, երաժշտութիւն մտիկ կ՚ընեն կամ ժապաւէն կը դիտեն։ Անոնք նաեւ հաւաքաբար կամ անհատաբար ծրագիրներ կը պատրաստեն։ Հետեւաբար ձեր առաջարկը օգտակար է անոնց համար։ Չմոռնամ ըսելու, որ առցանց համալսարանին հետեւող ուսանողները երբ կ՚աւարտեն դասընթացքները, «Masters» վկայական կը ստանան՝ լեզուի եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ։
-Որքա՞ն են ՀՀՀ-ի ծրագիրներու տարեկան ծախսերը։
-Յստակ թիւ մը չեմ կրնար նշել, պարզապէս ըսեմ, թէ մեր առաջին տարուան հաշուեցոյցը շուրջ 200 հազար տոլար էր, զոր ամբողջութեամբ ՀԲԸՄ-ը վճարեց եւ ընդհանրապէս մեր միութիւնը կը հոգայ ՀՀՀ-ի 95 առ հարիւր ծախսերը։ Ներկայիս «Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնն ալ կ՚օժանդակէ մեզի։ Աւելցնեմ, թէ մենք զանազան համալսարաններէ ունինք մեծ թիւով կամաւոր մասնագէտներ, որոնք առանց վարձատրութեան ակնկալիքի իրենց գիտելիքն ու ժամանակը սիրով կը տրամադրեն այս գործին։ Իսկ Հայաստանի մէջ Սփիւռքի, Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարարութիւնները եւ վարչապետարանը կը քաջալերեն մեր աշխատանքը։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ
Միջազգային կրթական արժէքի զուգահեռ, Հայկական համացանցային համալսարանը (ՀՀՀ) կը ձգտի հայագիտական մարզին մէջ առցանց կրթութեան յառաջատար բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն դառնալու։ Ան կարելիութիւն կ՚ընձեռէ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ անկախ իր տարիքի, բնակութեան վայրի կամ գիտելիքներու մակարդակէն, հայագիտական համապարփակ կրթութիւն ստանալու։ ՀՀՀ-ի առաքելութիւնն է նաեւ ստեղծել համացանցային համայնք մը, որ կրթականի կողքին՝ իրարու հաղորդակից դարձնէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ սփռուած այն անձերը, որոնք կը փափաքին հայերէն սորվիլ։
ՀՀՀ-ի ծրագիրը ծնունդ առած է 2004-ին, ՀԲԸՄ-ի Սիլիքոն Վելիի մասնաճիւղին կողմէ, Երուանդ Զօրեանի նախագահութեամբ։ Իսկ առաջին ուսումնական շրջանին սկսած է 2009-ին։ Հայոց լեզուի եւ պատմութեան կողքին, ան այսօր ունի նաեւ նոր բաժիններ՝ մշակոյթ եւ ճատրակ, ինչպէս նաեւ դասաւանդում եօթ լեզուներով՝ արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն։ Անոր արժէքներուն մաս կը կազմեն՝ ակադեմական եւ ճարտարագիտական կատարելութիւն, առցանց միջավայրի ստեղծում, ստեղծագործական միտքի եւ նորարարութեան ընձեռում, ընկերային կապերու խթանում եւ վերջապէս՝ հայկական մշակոյթի պահպանում եւ վերակենդանացում։
ՏԱՐԱՏԻՊ (HYBRIDE) ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ
Հետաքրքրական է ՀՀՀ-ի ծրագրին մաս կազմող տարատիպ (հիպրիտ) կրթութիւնը, որ աւանդական եւ առցանց կրթութեան զուգորդումն է։ Պատրաստուած է այն դպրոցներուն համար, որոնք կը փափաքին նորանոր եւ գրաւիչ կրթական ոճեր ներառել իրենց ուսումնական ծրագիրներուն մէջ։ Կրթական այս ոճը այսօր յաջողութեամբ կը կիրարկուի հայկական զանազան համայնքներու մէջ՝ Ամերիկայէն Վրաստան, Գանատայէն Ռուսաստան եւ արդէն 18 մասնակից դպրոց եւ համայնք կ՚ընդգրկէ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել հետեւեալ հասցէին՝ hybrideducation@avc-agbu.org։
ՀԵՌՈՒՍՏԱԴՐՈՑ
ՀՀՀ-ն Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հետ՝ միասնաբար ունի նաեւ հեռուստադպրոցի ծրագիրը, որ կը հեռարձակուի Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլի արբանեակային կապով։ Ուսանողները իրենց ազատ ժամերուն կրնան հետեւիլ ծրագրին եւ հաղորդակցիլ առցանց ուսուցիչներուն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող իրենց հասակակիցներուն հետ։
ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ
Առցանց սեմինարներու (webinaire) շարքի միջոցով կարելի է շրջանցել աշխարհագրական սահմաններն ու ժամային գօտիները եւ առցանց մասնակցիլ տարբեր գիտաժողովներու, համաժողովներու, որոնք կը ներկայացնեն նորագոյն հետազօտութիւնները, խթանելով՝ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի քննարկումները։
Վերջերս ՀՀՀ-ն իր ծրագիրները արդի միջոցներով ամբողջացուցած է (Ծրագիրներ Smartphone-ի եւ iPad-ի համար, միւլթիմետիա Podcast-ներու շարք)։