ՆՇԱՆԱԿԱԼԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ռի­չըրտ Միլս յայ­տա­րա­րեց, որ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թիւ­նը կ՚ըն­ձե­ռէ ներդ­րու­մա­յին նշա­նա­կա­լի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան ը­սաւ, թէ ԱՄՆ-ի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ա­ռա­ջին գե­րա­կա­յու­թիւ­նը գոր­ծա­րար ու ա­ռեւտ­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րա­ցումն է։

Հայ-ա­մե­րի­կեան ա­ռեւտ­րաար­դիւ­նա­բե­րա­կան պա­լա­տին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թի մը ըն­թաց­քին Ռի­չըրտ Միլս անդ­րա­դար­ձաւ ա­ռեւ­տու­րի եւ տնտե­սա­կան ա­ճի խթան­ման հար­ցե­րուն։ Ան հա­մո­զուած է, թէ այս ուղ­ղու­թեամբ դժուար թէ կա­րե­լի ըլ­լայ ա­ւե­լի լաւ գոր­ծըն­կեր մը գտնել, քան վե­րո­յի­շեալ պա­լա­տը։ «Ես չեմ խօ­սիր օ­ժան­դա­կու­թեան նոր ծրագ­րե­րու մա­սին, այլ նկա­տի ու­նիմ ա­ռեւ­տու­րը՝ հա­մա­տեղ ա­ռեւտ­րա­յին կա­պե­րու ամ­րապն­դու­մը, ինչ որ եր­կուս­տեք օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լայ մեր տնտե­սու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Սա նոր ուղ­ղու­թիւն մը չէ. մեր եր­կիր­նե­րը միշտ ալ հե­տաքրք­րուած են ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րու­մա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ընդ­լայն­մամբ։ Նո­րու­թիւ­նը, սա­կայն, այն է, որ ԱՄՆ-ի դես­պա­նու­թեան գնա­հատ­մամբ՝ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թիւ­նը ան­պի­սի մա­կար­դա­կի մը հա­սած է, որ ա­ռեւտ­րաար­դիւ­նա­բե­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ու շարք մը ո­լորտ­նե­րէ ներս ներդ­րում­նե­րու մա­սով նշա­նա­կա­լի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն ու­նի», ը­սաւ Միլս։

Բաղ­դատ­մամբ 1990-ա­կան թուա­կան­նե­րու սկիզ­բին՝ կեան­քի ո­րա­կը փո­խուած է նշա­նա­կա­լիօ­րէն։ Հա­յաս­տան ու­նի կա­յուն կա­ռա­վա­րու­թիւն մը, որ կը ձգտի բա­րե­լա­ւել ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու մա­տու­ցու­մը, աշ­խոյժ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւն, կիրթ աշ­խա­տուժ, ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ պա­տուի­րա­տու­նե­րու տէր տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեն­սու­նակ ո­լորտ եւ ծաղ­կուն ապ­րող գիւ­ղատն­տե­սու­թիւն։ Դես­պա­նը յի­շե­ցուց, որ վեր­ջին եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րուն ըն­թաց­քին հայ-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ապ­րած են շա­րու­նա­կա­կան վե­րելք։ Իր խօս­քե­րով, երկ­կող­մա­նի գոր­ծա­րար կա­պե­րու ընդ­լայն­ման հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մին է՝ ա­մե­րի­կեան ուղ­ղա­կի ներդ­րում­նե­րը ա­ւելց­նե­լու հե­ռան­կա­րը։ «Մենք հպարտ ենք, որ ԱՄՆ Հա­յաս­տա­նի մէջ խո­շո­րա­գոյն ուղ­ղա­կի ներդ­րում­ներ ու­նե­ցող­նե­րէն մին է։ Ա­մե­րի­կեան ներդ­րում­նե­րը շեշ­տա­կի ա­ւել­ցան «Քոն­թուր կլո­պալ»ի կող­մէ ո­րո­տա­նի ջրաե­լեկտ­րա­կա­յա­նի ձեռք­բե­րու­մով. 250 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ գոր­ծարք մը, ո­րով Հա­յաս­տան մուտք գոր­ծեց ԱՄՆ-ի ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տի ա­ռա­ւել նո­րա­րա­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն մին՝ իր փոր­ձա­ռու­թեամբ ու կա­ռա­վար­ման միջ­նոց­նե­րով։ Ա­մե­րի­կեան դես­պա­նա­տու­նը չի կրնար պար­տադ­րել, որ­պէս­զի ա­մե­րի­կեան ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րը ներդ­րում­ներ ը­նեն Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Հա­յաս­տանն է, որ պէտք է գրա­ւիչ ըլ­լայ ներդ­րող­նե­րու հա­մար», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ դես­պա­նա­տու­նը մեծ ու­շադ­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ այն մի­ջոց­նե­րուն նկատ­մամբ, ո­րոնք պի­տի օգ­նեն ձե­ւա­ւոր­ման վստա­հե­լի, ազ­նիւ եւ մրցու­նակ մի­ջա­վայր մը բո­լոր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար՝ հայ­կա­կան, ա­մե­րի­կեան կամ ռու­սա­կան։  Ի լրումն այս բո­լո­րին Միլս տե­ղե­կա­ցուց, թէ ներ­կայ ամ­սուան տե­ւո­ղու­թեան ԱՄՆ-ի դես­պա­նա­տու­նը պի­տի ձեռ­նար­կէ Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղա­կան բնա­կա­վայ­րե­րու տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման ուղ­ղեալ նոր ծրագ­րի մը։

Իր ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին դես­պա­նը խօ­սե­ցաւ նաեւ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան հար­ցին շուրջ։ Ան շեշ­տեց, որ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու շար­քին կա­շա­ռա­կե­րու­թեան բե­ռը կը կրեն փոքր գոր­ծա­րա­րու­թեան սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րը։ «Երբ գոր­ծա­րա­րու­թեան ո­լոր­տին մէջ մրցակ­ցու­թիւ­նը ար­դար չէ ու չի հիմ­նուիր ա­ռար­կա­յա­կան ա­ռեւտ­րա­կան չա­փա­նիշ­նե­րու վրայ, երբ կան հզօր շա­հեր, ո­րոնք ան­հա­մա­չափ տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան հե­տե­ւանք­նե­րու տե­ղի կու տան, ա­պա սա կը սահ­մա­նա­փա­կէ տնտե­սա­կան ա­ճը։ Այդ պա­րա­գա­յին կը տու­ժէ ամ­բողջ տնտե­սու­թիւ­նը, կը տու­ժէ ամ­բողջ եր­կի­րը», ը­սաւ դես­պա­նը եւ ա­ւել­ցուց, թէ ի­րենք պի­տի շա­րու­նա­կեն օգ­նել քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան՝ ու­շադ­րու­թիւ­նը դէ­պի կա­շա­ռա­կե­րու­թեան դէմ պայ­քա­րի հար­ցին վրայ լա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ «Հա­մա­ձայն եմ Հա­յաս­տա­նի մէջ մե­նաշ­նոր­հայ­նաց­ման վե­րա­բե­րեալ հնչող մտա­հո­գու­թեան», ը­սաւ Միլս եւ ա­ւել­ցուց, թէ մե­նաշ­նորհ­նե­րու տէ­րե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նին մրցակ­ցու­թեան վերջ տա­լու եւ շու­կան փա­կե­լու, ինչ որ մտա­հո­գիչ է։ Ըստ դես­պա­նին, դժբախ­տա­բար, սա նաեւ պայ­մա­նա­ւո­րուած է այն հան­գա­ման­քով, որ Թուր­քիոյ հետ սահ­մա­նը փակ է ու փակ սահ­մա­նը կը դիւ­րաց­նէ շու­կան փակ պա­հե­լը։

Ա­մեր­կա­ցի դես­պա­նը շեշ­տեց, որ կա­շա­ռա­կե­րու­թիւ­նը կը խա­թա­րէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը եւ ի­րա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, ան կա­յու­նու­թիւն ու անվս­տա­հու­թիւն կը ծնի հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ ու կրնայ վտան­գել երկ­րի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թիւ­նը։

Դես­պան Միլս խօ­սե­ցաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի հետ ԱՄՆ-ի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոնց Հա­յաս­տա­նի վրայ հա­ւա­նա­կան ազ­դե­ցու­թեան շուրջ։ Ըստ ի­րեն, ԱՄՆ-ի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նին սուր տա­րա­ձայ­նու­թիւն­ներ։ «Հա­յաս­տա­նի ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան եւ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան, պէտք չէ բա­ցա­ռեն ու չեն բա­ցա­ռեր Հա­յաս­տա­նի ա­մուր ու փոխ­շա­հա­ւէտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ԱՄՆ-ի, Եւ­րո­միու­թեան եւ այլ հա­ւա­նա­կան գոր­ծըն­կեր­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ՆԱ­ԹՕ-ի եւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի նման կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հետ։

Ի­րա­նի պա­րա­գա­յին անդ­րա­դառ­նա­լով՝ ան յի­շե­ցուց ան­ցեալ ամ­սուան մէջ ստո­րագ­րուած հա­մա­տեղ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հա­մա­լիր ծրա­գի­րը, ո­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մէն վերջ ԱՄՆ եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պար­տա­ւոր պի­տի ըլ­լան դադ­րեց­նե­լու մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին բե­րու­մով հաս­տա­տուած պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը։

Ռի­չըրտ Միլս շեշ­տեց, թէ նախ­կին Խորհր­դա­յին Միու­թեան եր­կիր­նե­րու շար­քին, մերձ­պալ­թեան պե­տու­թիւն­նե­րէն վերջ Հա­յաս­տանն է, որ ու­նի ա­մե­նա­կեն­սու­նակ աշ­խոյժ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը պէտք է ա­ռաջ­նոր­դող դեր ստանձ­նեն՝ փա­փա­քե­լի բա­րե­փո­խում­նե­րը երկ­րէն ներս շի­նիչ ձե­ւով յա­ռաջ մղե­լու հար­ցին մէջ։ Ան քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան յանձ­նա­րա­րեց՝ կա­տա­րե­լա­գոր­ծել կազ­մա­կերպ­չա­կան ու շա­հա­պաշ­տա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ու գտնել հա­մա­կիր­ներ երկ­րի զա­նա­զան շրջան­նե­րէն ներս։

Ռի­չըրտ Միլս հա­մո­զուած է նաեւ, թէ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը գի­տակ­ցի, որ ընդգր­կուն բա­նա­վէ­ճի մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը գո­յու­թիւն ու­նի՝ սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան նիւ­թին շուրջ։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2015