«ԿԻՆ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

«Կին» միջազգային շարժանկարի փառատօնը 14-րդ անգամ մէկ հարթակի վրայ կը համախմբէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծագործող կին բեմադրիչները: Փառատօնին կը ներկայացուի վաթսուն շարժապատկեր քսան երկրէ: Ան այս տարի տեղի կ՚ունենայ Նոյեմբերի 14-18 թուականներուն միջեւ: Բացումը տեղի կ՚ունենայ վաղը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի դահլիճին մէջ։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ի թղթակիցը զրուցած է շարժանկարի փառատօնի տնօրէն Մարիամ Օհանեանի հետ:

«Ունինք մասնակիցներ Սպանիայէն, Ռուսաստանէն, Իսրայէլէն, Անգլիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իրանէն, Մեքիսքայէն, Իրաքէն եւ այլ երկիրներէ։ Մրցութային ծրագրին մէջ Հայաստանը կը ներկայացնեն բեմադրիչներ Անժելա Ֆրանկեան, Մանէ Պաղտասարեան, Քրիստինա Ղազարեան», ըսաւ Օհանեան:

Անոր խօսքով՝ կին բեմադրիչները իրենց շարժանկարներուն մէջ հիմնականին կ՚անդրադառնան իգական սեռը յուզող խնդիրներուն, հասարակութեան մէջ անոնց դերին, սակայն կը շօշափեն նաեւ պատերազմին վերաբերող հարցեր:

Փառատօնի ստեղծման նպատակը ստեղծագործող կնոջ դերը վերաիմաստաւորելն է: Այն կը նպաստէ նաեւ տարբեր մշակոյթներու փոխընկալման:

«Կը կարծեմ՝ փառատօնը ծառայած է իր նպատակին, քանի որ ընդլայնած է աշխարհագրութիւնը, բազմացած է այն կանանց թիւը, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ փառատօնին, առհասարակ բազմացած են կին բեմադրիչները: Անոնք կը հնչեցնեն իրենց ձայնը, եւ հասարակութիւնը կ՚ընդունի գործունեայ, ստեղծագործող կիները, կը լսէ զանոնք: Մի քանի տարի առաջ շատեր կը զարմանային, որ կինը կրնա՞յ բեմադրիչ ըլլալ, հիմա այդպէս չէ», շեշտեց փառատօնի տնօրէնը:

Փառատօնը ունի կարճամեթրաժ ֆիլմերու մրցութային ծրագիր, հիւրերու ծրագիր, յետահայեաց ցուցադրութիւն՝ նուիրուած իրանահայ դերասանուհի Լորիկ Մինասեանին, ՊԱՖՏԱ 2017-ի կարճամեթրաժ ֆիլմերու հաւաքածոյ, գանատական «Կանացի հայեացք» փառատօնի կարճամեթրաժ ֆիլմերու ծրագիր:

Հիւրերու ծրագրին մէջ կը ցուցադրուին բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու արժանացած շարժապատկերներ. ինչպէս՝ «Ներխուժում Պերկմանի տարածք» (բեմադրիչներ Ճէյն Մակնուսսոն եւ Հայնեկ Պալլաս, Շուէտ), «Ձիւն կար» (բեմադրիչ Թամարա Ստեփանեան, Ֆրանսա), «Քամին կը փչէ» (բեմադրիչ Արմինէ Անդա, Հայաստան), «Մեղեդի ստեղծողները» (բեմադրիչ Լեսլի-Անն Քոլս, Գանատա), «Քամիի հպումը» (բեմադրիչ Օլկա Վերմէեւա, Ռուսաստան):

Փառատօնի շրջանակներէն ներս տեղի կ՚ունենան վարպետութեան դասեր, ինչպէս նաեւ կլոր սեղան քննարկումներ:

Մարիամ Օհանեան շեշտեց, որ փառատօնի աւարտին կը շնորհուի լաւագոյն շարժանկարի մրցանակը, յատուկ մրցանակ, վկայագրեր, «Լաւագոյն ռուսական ֆիլմ» մրցանակը, որ կը տրուի Ռուսաստանի Գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոնին կողմէ:

Փառատօնի դատակազմի անդամները բարձրակարգ մասնագէտներ են Հայաստանէն եւ արտերկրէն:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017