ԵՐԵՔ ԺԱՄ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր Սոչիի մէջ կը տեսակցի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Սա երկու ղեկավարներու այս տարուան հինգերորդ հանդիպումն է։ Սոչիի մէջ Փութինի կողմէ հիւրընկալուելէ վերջ Էրտողան պիտի ուղեւորուի դէպի Քուէյթ եւ Քաթար։ Անգարայի աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան-Փութին տեսակցութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները, մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի կացութիւնը։

Եռօրեայ արտասահմանեան ուղեւորութեան ընդառաջ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի հետ։ Անակնկալ կազմակերպուած բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մըն էր այս մէկը, որ տեղի ունեցաւ Եըլտըզի պալատի համալիրի «Մապէյն» ապարանքէն ներս։ Երեք ժամ տեւեց ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք։ Ժամը շուրջ 17.00-ին սկսաւ ժողովը եւ աւարտին հասաւ շուրջ 20.00-ին։ Բարձր մակարդակի այս խորհրդակցութեան բովանդակութեան կապակցութեամբ որեւէ հաղորդում չկատարուեցաւ։

Քաղաքական մեկնաբանները ուշագրաւ կը համարեն, որ խորհրդակցութիւնը տեղի ունեցած է Էրտողան-Փութին հանդիպման ընդառաջ եւ Պինալի Եըլտըրըմի դէպի Միացեալ Նահանգներ այցելութենէն անմիջապէս վերջ։ Երբ վարչապետը վերադարձած է Ուաշինկթընէն եւ Էրտողան կը պատրաստուի մեկնիլ Սոչի, թրքական դիւանագիտութիւնը կը ջանայ աշխարհի յառաջատար ուժերուն հետ շփում պահելով դիրքաւորուիլ տարածքաշրջանի յարափոփոխ հաւասարակշռութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Փութին Էրտողանի հետ այսօրուան հանդիպման ընդառաջ վերջին օրերուն Վիեթնամի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Էրտողանի Սոչի մեկնելուն ընդառաջ՝ Անգարայի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ս-400 ռուսական հրթիռային համակարգերու Թուրքիա ներածման վերաբերեալ գործարքը ունի վերջնական բնոյթ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փութին այսօր Սեւ ծովու ափին առաջնահերթօրէն կ՚անդրադառնան Սուրիոյ ճգնաժամին։ Այս ամբողջին մէջ անոնք նախապատուութիւն կ՚ընծայեն «Սուրիոյ ազգային երկխօսութան համաժողով»ի կազմակերպման՝ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ։ Մոսկուա կողմնակից է, որ այս համաժողովին ներգրաւուին այն բոլոր ազգային ու կրօնական հաւաքականութիւնները, որոնք կը բնակին Սուրիոյ մէջ։ Բայց եւ այնպէս, թրքական կողմը վերապահութիւն կը յայտնէ ՓԵՏ-ի մասնակցութեան պարագային ու կը պահանջէ անոր համար արտօնութիւն չտրուիլը։ Բաց աստի, Էրտողան եւ Փութին օրակարգի վրայ կ՚ունենան Սուրիայէ ներս Իտլիպի անվտանգ գօտիի եւ Աֆրինի կացութիւնը։ Թրքական կողմը Աֆրինի պարագային կ՚ակնկալէ Ռուսաստանէն խիստ դիրքորոշում՝ որովհետեւ այդ շրջանը կը գտնուի ՓՔՔ-ի շառաւիղ ՓԵՏ-ի հակակշռին տակ։

Տարածքաշրջանային խնդիրներու առընթեր, Էրտողան եւ Փութին կանգ կ՚առնեն Աքքույուի աթոմակայանի կառուցման ծրագրին, «Թրքական հոսք» խողովակաշարի շինութեան նախագծին եւ Ս-400 հրթիռային համակարգերու գործարքին վրայ։ Անոնք կը շօշափեն նաեւ երկու երկիրներու տնտեսական ու ռազմական համագործակցութեան ընթացքը։

Սոչիէ վերջ Էրտողան պիտի ուղեւորուի Քուէյթ, ուր եւս իր շփումներու օրակարգին վրայ պիտի գտնուին Սուրիոյ եւ Իրաքի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Քաթարի ճգնաժամն ու Սէուտական Արաբիոյ նոր իրավիճակը։ 

Միւս կողմէ, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ դէպի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան լոյսին տակ յայտարարութիւններ ըրաւ CNN հեռուստակայանին։ Այս առթիւ ան քննադատեց ԱՄՆ-ի կողմէ որդեգրուած տարածքաշրջանային քաղաքականութիւնները։ «Ես չեմ կարծեր, թէ ԱՄՆ-ի որդեգրած ձեւով համագործակցութիւնը կրնայ նպաստել տարածքաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան», ըսաւ Եըլտըրըմ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետը պատասխանեց նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցումի մը։ Իր խօսքերով՝ Թուրքիա բնականաբար կը փափաքի անդամակցիլ Եւրոմիութեան։ «Բայց Եւրոմիութիւնը պէտք է որոշէ իր ուղղութիւնը։ Պէտք է սահմանեն իրենց տարածքաշրջանը։ Պիտի ընդլայնե՞ն այդ գօտին, թէ ոչ պիտի մնան որպէս քրիստոնէական ակումբ մը» ըսաւ Եըլտըրըմ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017