ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՄԲ ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ

Կիւմրիի «Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյրերու» պատկերասրահին մէջ բացուած է Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական նկարիչ, Ռուսաստանի Գեղարուեստի ակամդեմիայի ակադեմիկոս, ծանօթ քանդակագործ, գեղանկարիչ եւ մանկավարժ Նիկողայոս (Նիքոլայ) Նիկողոսեանի անունը կրող ցուցասրահը։ Նորաբաց ցուցասրահին մէջ կը ցուցադրուին կենդանի առասպելի Մոսկուայի հաւաքածոյի հաստոցային դիմաքանդակներու ընտրանի շարքի աշխատանքները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, լայն հասարակութեան ան առաւելապէս յայտնի է որպէս գիտութեան, մշակոյթի եւ պատմական ծանօթ գործիչներու, բազմաթիւ հաստոցային դիմաքանդակներու եւ Երեւանի ու Մոսկուայի մէջ կանգնեցուած շարք մը յուշարաձններու հեղինակ։

Պատկերասրահին մէջ նոր ցուցասրահ բանալու միտքը պատկերասրահի տնօրէն Վահագն Ղուկասեանի կը պատկանի, իսկ նախաձեռնութեան միացած ու աջակցած է Նիկողայոս Նիկողոսեանի դուստրը։ Ցուցանմոյշները կը ներկայացուին մշտական ցուցադրութեամբ։ «Համարուելով խորհրդահայ արձանագործութեան ռահվիրաներէն մէկը՝ ընկերվարական յեղափոխութեան համարեայ հասակակից արուեստագէտը խորհրդային տարիներուն կրցած է պահպանել ազատ ստեղծագործական ինքնարտայայտումը։ Պրոնզաձոյլ, մարմարէ, կրանիտէ դիմաքանդակները եւ կիսանդրիները աչքի կը զարնեն կերպընկալական լուծումներու ընդհանրացուած ամբողջականութեամբ, դիպուկ են հոգեբանական բնութագրով՝ մարդոց մասին քարէ լուռ պատմութիւն յիշեցնող», նշեց պատկերասրահի արուեստաբան Գոհար Սմոյեան ու յաւելեց, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած Նիկողոսեանի քանդակները կ՚արտայայտեն ընկերվար-իրապաշտութեան ու ընկերվար-իրապաշտութենէ խորհրդային արդիականութիւն անցումային շրջանի բարքերը, պատմութիւնն ու յիշողութիւնները՝ իրենց մէջ պարունակելով տեսանելի եւ միաժամանակ թաքնուած ճշմարտութիւն՝ իր ողջ խորութեամբ։

99-ամեայ Նիկողայոս Նիկողսեան այսօր կը բնակի Մոսկուայի մէջ։ Ան Ասլամազեան քոյրերէն փոքրին՝ Թամարայի ամուսինն է։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017