«ԱՐՑԱԽԻ ՀԵՐՈՍ» ՍԱՄՈՒԷԼ ՊԱՊԱՅԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ԻՐ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԿՈՉՈՒՄԷՆ

Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ հայաշխարհէն հեղինակաւոր կերպարներ հանդէս կու գան բուռն հակազդեցութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Արցախի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Սամուէլ Պապայեան, որ վերջին շրջանին կը վարէր Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը։ Ան անցեալի մէջ արժանացած էր «Արցախի հերոս» կոչման։ Սամուէլ Պապայեան երէկ ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուց, որ կը հրաժարի «Արցախի հերոս»ի կոչումէն ու կը դադրեցնէ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի իր լիազօրութիւնները։ Սամուէլ Պապայեան գրառման մէջ նշած է հետեւեալը.

«Յարգելի հայրենակիցներ, Արցախը հայոց պետականութեան կեդրոնն է, հայկականութեան խորհրդանշանը եւ մենք պարտաւոր էինք պահելու հայու արժանապատուութիւնը։ Մենք այս գիտակցութեամբ ապրած ենք ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան բոլոր փուլերուն, յանուն հողի եւ այդ հողին վրայ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքին զոհուած են հազարաւոր կեանքեր, յանձն առնուած զրկանքներ։ Այսօր, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարները միանձնեայ դաւադիր որոշումով եւ գրչի մէկ հարուածով կասկածի տակ դրած են հայկականութեան գոյութիւնը, մեզի փոխարէն որոշած՝ մեր ըլլալ-չըլլալը եւ ապա մերկապարանոց սուտեր կը ճառեն արձանագրուած իրողութիւններու մասին, հարց կը ծագի. ո՞վ ձեզի լիազօրած է ժողովրդավարական երկրի մէջ առանց ժողովուրդի համաձայնութեան, առանց անոր կողմէ ընտրուած մարմիններու հետ խորհրդակցելու յանձնել մեզ»։ Ի պատասխան եւ ի բողոքումն այս յանցաւոր գործողութիւններու՝ Սամուէլ Պապայեան հրաժարած է «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչումէն եւ դադրեցուցած Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի լիազօրութիւնները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2020