«ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ՊԷՏՔ Է ԸՆԿԱԼՈՒԻ՝ ՈՐՊԷՍ ԿԱՅԱՑԱԾ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ»

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ Շուրջ երկու ժամ տեւեց զրոյցը, որու ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Արցախի մէջ հաստատուած հրադադարէն վերջ ստեղծուած իրավիճակին եւ Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապի յաղթահարման ուղիներուն վերաբերեալ։

Երէկ առաւօտ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ ազգային քոնկրէսը հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը։ Օրուայ աւարտին, Տէր-Պետրոսեան ինքն ալ յայտարարութիւն մը ըրաւ՝ իր կուսակցութեան յայտարարութեան արձագանգներուն լոյսին տակ։ Այս առթիւ ան ըսաւ.

«Հայ ազգային քոնկրէսի յայտարարութիւնը թէ՛ գործող իշխանութեան եւ թէ խայտաբղէտ արմատական ընդդիմութեան ճամբարէն ներս շատերը մոլորութեան մէջ ձգած է այն առումով, թէ իբր մենք այդպէսով կը սատարենք նշուած ճամբարներէն որեւէ մէկուն։ Ակնյայտօրէն իշխանութեան համար մղուող առկայ պայքարին մէջ մենք ո՛չ մասնակից, ոչ ալ կողմ ենք։ Մեր մտահոգութիւնը միայն ու միայն մէկն է՝ խուսափիլ քաղաքացիական պատերազմէ եւ առկայ ճգնաժամը յաղթահարել բացառապէս սահմանադրական ճանապարհով՝ անկախ այն բանէն, թէ առճակատուող ճամբարներէն որ մէկը կը լուծէ նշուած խնդիրը։ Առաւել ցանկալի տարբերակն է, ի հարկէ, այդ երկու կողմերու ողջախոհ փոխադարձ համաձայնութիւնը։

«Ինչ կը վերաբերի ներքին քաղաքական առճակատման առիթը հանդիսացած Ռուսաստան-Հայաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի համաձայնագրին, ապա սա պէտք է ընկալուի որպէս կայացած իրողութիւն՝ այս պահուն գնահատելով առնուազն այն կարեւոր փաստը, թէ անոր շնորհիւ պատերազմը աւարտած է եւ նոր զոհեր այլեւս չեն ըլլար։ Համաձայնագրի իրականացման եւ Ղարաբաղի հարցի վերջնական լուծման գործընթացը մօտաւոր ապագայի խնդիր է, որուն Հայաստանը պէտք է պատրաստ ըլլայ ամենայն լրջութեամբ»։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2020