ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐՁԱՆՈՒՏ

Անորոշութեան յորձանուտին մէջ է հայոց աշխարհը։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ դրած հրադադարի ծանր համաձայնութեան պայմաններուն ներքեւ հայաշխարհէն ներս տակաւ կը կուտակուին բազում հարցականներ, որոնց պատասխաններու որոնումը, ըստ երեւոյթին, տակաւին երկար պիտի շարունակուի։ Լրահոսին վրայ արձագանգ կը գտնէ, որ Արցախէն մարդիկ կը հեռանան՝ իրենց ձեռքով քանդելով, այրելով սեփական տուները։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան ողբերգական փուլերէն մին է այս մէկը։ Ոմանց բանաձեւումով՝ կը մօտենայ այն օրը, երբ Արցախը գործնականօրէն պիտի չըլլայ։

Այս ցնցիչ իրողութեան հետ հաշտուելու հրամայականով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կը բանի նաեւ ժամացոյցը։ Հրադադարի պայմանագրի ծանր պայմաններու կատարման փուլը կը մօտենայ, իսկ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի կայունացման ջանքերը յառաջ կը տարուին՝ Երեւանի բազմամարդ հանրահաւաքներով ու երթերով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած իշխանութիւնները կը դիմագրաւեն շատ ծանր մարտահրաւէր մը։ Ըստ միջազգային աղբիւրներու մեկնաբանութիւններուն, Փաշինեանի կառավարութիւնը կ՚ընթանայ դէպի քաղաքական անդունդ, ուրկէ կրնայ երբեք դուրս չգալ։ Ընդդիմադիր շրջանակները այս փուլին կը ջանան ժողովուրդի պոռթկումին արձագանգ հանդիսանալ, յամենայնդէպս յաճախ հատելով արկածախնդրութեան ու պատեհապաշտութեան սահմանը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որ իր հերթական արդարացման փորձերէն մին էր։ Այդ ելոյթին բազմաթիւ արձագանգները արդէն բաւական համոզիչ ձեւով ջրած են արտայայտուած տեսակէտները։ Բայց եւ այնպէս, իշխանութեան գլխաւոր դէմքի այս փուլի արժեւորումներն ու արտայայտութիւնները, անշուշտ, դարձած են ուշադրութեան առարկայ։ Բնականաբար, անվիճելի է Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան պատասխանատուութեան բաժինը առկայ ձախողման մէջ։ «Կա՞յ գոնէ մէկ զինուորական, մէկ դիւանագէտ, որ պատրաստ է հրաժարական տալ այս ազգային ողբերգութեան համար, կա՞յ գոնէ մէկ իշխանական պատգամաւոր, որ պատրաստ է հրաժարական տալ պարզապէս ամօթի զգացումով», ընկերային ցանցերու վրայ գրած է յայտնի լրագրող ու վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեան, որ Արցախի հիմնախնդրի վերաբերեալ գիրքեր հեղինակած է։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ իր լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնները։ Ան երէկ տեսակցեցաւ Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Փաշինեանի գլխաւորած այդ խմբակցութիւնը մեծամասնութիւն կը կազմէ խորհրդարանէն ներս։ Երէկ, Նիկոլ Փաշինեանն ալ «Իմ քայլը» խորհրդարանական խմբակցութեան անդամներուն հետ տեսակցելով քննարկեց արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներն ու ներքին քաղաքական կացութիւնը։ Կը հաղորդուի, որ երէկ աստիճանաբար ազատ արձակուած են այն ընդդիմադիր գործիչները, որոնք վերջին հանրահաւաքներուն ժամանակ ձերբակալուած էին։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Նիկոլ Փաշինեանի երէկուան հրապարակային ելոյթը։

Սիրելի՛ ժողովուրդ, քոյրեր եւ եղբայրներ.

Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կ՚ապրին չափազանց դժուար օրեր: Մեր բոլորին սրտին մէջ կսկիծ կայ, մեր բոլորին աչքերուն մէջ՝ արցունք, մեր բոլորին հոգիին մէջ՝ ցաւ: Սեպտեմբեր 27-ին մեկնարկած պատերազմի աւարտը այնպիսի փաստաթուղթի մը ստորագրումով, ինչպիսին է Հայաստանի վարչապետի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն՝ նոյեմբեր 10-ի համատեղ յայտարարութիւնը, ըստ էութեան հանրային յուսահատութիւն յառաջացուցած է եւ բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց պատասխանը կ՚ակնկալուի առաջին հերթին ինձմէ: 

Ինչո՞ւ ստորագրուեցաւ Հայաստանի համար նման ոչ շահեկան փաստաթուղթ մը: Վերջինս տեղի ունեցած է այն պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարը կը զեկուցէր, որ վայրկեան առաջ պէտք է կանգնեցնել պատերազմը, իսկ Արցախի նախագահը կ՚ահազանգէր, որ եթէ ռազմական գործողութիւնները չդադրին, օրերու, նոյնիսկ ժամերու ընթացքին կրնանք կորսնցնել Ստեփանակերտը:

Շատերը, ի հարկէ, պիտի ըսեն, որ եթէ արդէն կորսնցուցած էինք Հադրութը, Շուշին, կրնայինք կորսնցնել նաեւ Ստեփանակերտը, եւ ասիկա շատ բան չէր փոխեր: Իրականութիւնը, սակայն, որոշ չափով տարբեր է, որովհետեւ եթէ կորսուէր Ստեփանակերտը, որ ինչպէս արդէն հրապարակային ելոյթով հաստատեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան՝ ըսելով, թէ այդ պահուն մեծ հաշուով անպաշտպան էր, այնուհետեւ անխուսափելիօրէն պիտի կորսուէին Ասկերանը, Մարտակերտը, այդ ալ չափազանց կանխատեսելիօրէն, որովհետեւ այս քաղաքները պատերազմի մեկնարկի պահուն թիկունք էին, առաջնագիծէն բաւականին հեռու եւ պաշտպանական կառոյցներ եւ ամրութիւններ չունէին, չկային մարտունակ բաւարար ուժեր, որոնք իրատեսօրէն կրնային իրականացնել այս քաղաքներուն պաշտպանութիւնը:

Իսկ ի՞նչ տեղի կ՚ունենար այս քաղաքներուն անկումէն ետք. պաշտպանութեան բանակին պաշտպանական երկրորդ, երրորդ, չորրորդ, հինգերորդ, վեցերորդ, եօթներորդ շրջանները կը յայտնուէին հակառակորդի շրջափակումին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, որ մեր շուրջ 20 հազար զինուորները եւ սպաները կը յայտնուէին հակառակորդի զօրքերուն կողմէ օղակուած վիճակի մէջ՝ անխուսափելիօրէն յայտնուելով զոհուելու կամ գերեվարուելու հեռանկարին առջեւ: Այս պայմաններուն մէջ հասկնալիօրէն անխուսափելի կ՚ըլլար նաեւ Քարվաճառի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն անկումը՝ յանգեցնելով ամբողջական աղէտի:

Շատերը, ժամանակի տրամաբանութեան բերումով, հաւանաբար հարց հնչեցնեն, թէ ինչո՞ւ ես փաստաթուղթը ստորագրելու պահուն այդքան մտահոգ էի մեր զինուորներուն անվտանգութեամբ եւ թէ ինչո՞ւ նոյնքան մտահոգ չէի անկէ առաջ:

Խնդիրը այն է, որ, ըստ էութեան, հրամանատարին ամենակարեւոր գործառոյթը կը կայանայ զինուորին առջեւ խնդիրներ դնելու մէջ, որոնք ունին մարտավարական կամ ռազմավարական յստակ նպատակ, եւ հրամանատարը այդ խնդիրները կը յառաջադրէ՝ հասկնալով, որ զանոնք կատարելը կրնայ յանգեցնել զինուորի զոհուելուն, յանուն հայրենիքի զինուորի զոհուելուն:  

Փաստացի ըլլալով գերագոյն հրամանատարի դերին մէջ՝ պատերազմի մեկնարկի առաջին օրէն նոյնօրինակ խնդիրներ դրած եմ բանակին, զինուած ուժերուն առջեւ: Բայց երբ կը ստեղծուի այնպիսի իրավիճակ մը, որ զինուորը որեւէ ձեւով չի կրնար ազդել իրադարձութիւններու յետագայ ընթացքին վրայ, արդէն ոչ թէ զինուորը պէտք է զոհուի յանուն հայրենիքի, այլ հայրենիքը պէտք է զոհաբերութիւններու երթայ յանուն զինուորին, հրամանատարը ոչ թէ զոհուելու հրաման պէտք է տայ զինուորին, այլ ինքը պէտք է զոհուի յանուն զինուորին:

Այս գիտակցութեամբ ստորագրած եմ բոլորիդ յայտնի, տխրահռչակ փաստաթուղթը եւ այդ փաստաթուղթը ստորագրելու ժամանակ հասկցած եմ, որ անձամբ իմ զոհուելուս հաւանականութիւնը չափազանց մեծ է, ոչ միայն քաղաքական, այլեւ ֆիզիքական իմաստով, բայց 25 հազար զինուորի կեանքը աւելի կարեւոր էր, կը կարծեմ նաեւ ձեզի համար:  

Սպառնալիքի տակ էր հայրենիքին անմնացորդ ծառայութիւն մատուցած զինուորներուն կեանքը: Ի դէպ, այդ զինուորները թիկունքին ստեղծուող այդ իրադրութեան վրայ ազդելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունէին, թիկունքին այլեւս չկային մարտունակ այնպիսի ուժեր, որոնք իրատեսօրէն կրնային ազդել իրավիճակին վրայ, եւ ուրեմն եկած էր հրամանատարի ժամանակը յանուն այդ զինուորներուն վտանգելու սեփական կեանքը՝ թէ՛ ֆիզիքական, թէ քաղաքական առումով: Եկած էր հայրենիքի ժամանակը՝ յանուն հայրենիքի ոչինչ խնայած այդ զինուորներուն համար երթալ զոհողութիւններու, եւ ես այդ թուղթը ստորագրած եմ նոյն այս գիտակցութեամբ:

Այս իրավիճակին եւ պայմաններուն մէջ հարցը արդէն ոչ թէ օրերու եւ շաբաթներու տիրոյթ մտած էր, ուր կարելի էր խուսանաւել, խորամանկութիւն ընել, այլ որոշում պէտք է կայացուէր ժամերու ընթացքին, հակառակ պարագային կրնար սկսիլ գործընթաց մը, որ կ՚աւարտէր մեր 10 հազար, 20 հազար, 25 հազար զինուորներուն զոհուելով կամ գերեվարութեամբ:

Շատերը հիմա այսպիսի հարցում մըն ալ կը շրջանառեն. իսկ ինչո՞ւ հրաժարական չտուի՝ այդ թուղթը չստորագրելու համար: Որովհետեւ այդ կը նշանակէր դասալքութիւն, այդ կը նշանակէր յանուն զինուորի դժոխային առաքելութիւն կատարելու պարտաւորութիւնը ձգել ուրիշի մը ուսերուն, այն յոյսով, որ յետոյ կ՚ըսէին, թէ վարչապետ Փաշինեան այնքան հայրենասէր էր, որ այդ ստորնացուցիչ թուղթը չստորագրեց, իսկ այս միւսը թուլամորթ ու դաւաճան գտնուեցաւ եւ գնաց նման ամօթալի քայլի: Նաեւ այն պատճառով, որ ինչպէս ըսի, որոշումները պէտք է կայացուէին ժամերու ընթացքին, հակառակ պարագային թափանիւը կրնար շատ արագ դառնալ, եւ այլեւս որեւէ ձեւով կարելի չէր ըլլար զայն կանգնեցնել:

Յաջորդ հարցումը, որ պարբերաբար կը հնչէ, հետեւեալն է. այդ փաստաթուղթի ստորագրումէն առաջ ինչո՞ւ չխորհրդակցեցայ ժողովուրդին հետ: Շատ պարզ պատճառով. ժողովուրդին հետ խօսելու ժամանակ պէտք է հրապարակային անկեղծօրէն ներկայացնէի ամբողջ իրավիճակը, իսկ այդ կը նշանակէ, որ իրադրութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդել նաեւ հակառակորդին, դեռ աւելին՝ մեր 25 հազար զինուորները ժամերու ընթացքին շրջափակելու մանրամասն ծրագիր ներկայացնել անոր՝ ասկէ բխող բոլոր հետեւանքներով: Եւ յետոյ, ես խոստացած եմ ժողովուրդին հետ քննարկել Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման տարբերակները, իսկ այս փաստաթուղթով ոչ թէ հարցի բովանդակային լուծում նախատեսուած չէ, այլ ընդամէնը ռազմական գործողութիւններու դադար: Ղարաբաղի հարցը ինչպէս լուծուած չէր, այնպէս ալ լուծուած չէ, եւ այս առումով ընելիքները դեռ մեր առջեւն են:

Հասկնալի եւ բնականօրէն յառաջացող յաջորդ հարցումը հետեւեալն է. իսկ ինչո՞ւ այսպիսի պայմաններով հանդերձ կարելի չէր զինադադարի հասնիլ պատերազմի առաջին օրերուն: Կամ նոյնիսկ քիչ մը աւելի ուշ: Ասոր համար երկու պատճառ կար. նախ անոր համար պէտք է առանց մարտի յանձնէինք եօթը շրջան, ներառեալ Շուշին, եւ երկրորդը՝ ռազմական իրադրութիւնը այնպիսին էր, որ մենք յոյս ունէինք, որ նոր ներուժներու ներգրաւումով, գերմարդկային ճիգերով կը յաջողէինք բեկել իրավիճակը, այդ էր պատճառը, որ ես, Արցախի նախագահը անընդհատ հանդէս կու գայինք հայրենիքի պաշտպանութեան զինուորագրուելու կոչերով, բայց այդ մէկը կը փորձէինք ընել այնպէս, որ մեր ուղերձը յանկարծ յուսահատ չընէ առաջնագիծին վրայ կռիւ տուող զինուորը եւ մեր ունեցած խնդիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն չտայ հակառակորդին: Մենք, աւելի ճիշդը՝ Արցախի նախագահը, Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը, ես անձնապէս, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, մեր քաղաքական անձնակազմի ներկայացուցիչները եւ, բնականաբար, առաջին հերթին կռիւ տուող մեր զինուորները, կամաւորները, սպաները, հրամանատարները ամէն ինչ ըրած ենք՝ իւրաքանչիւր սանթիմեթրը ատամներով պահելու համար: Ու մեր զօրքը կռուած է հերոսաբար: Կռուած է ոչ թէ յանձնելու, այլ պահելու համար, կռուած է ոչ թէ պարտուելու, այլ յաղթելու համար: Ու կռուած է գործնականօրէն երեք բանակներու դէմ, բայց, ցաւօք, ինչպէս Արցախի նախագահը երէկ նշեց իր ուղերձին մէջ, մենք բաւարար չափով բանակի կողքին չկրցանք կանգնիլ: Կամաւորական եւ զօրահաւաքային շարժումը, ի հարկէ բազմաթիւ հերոսական դրսեւորումներով, այնքան ամուր չգտնուեցաւ, որ կարելի ըլլայ յառաջադրած խնդիրը լուծել, ու մենք կանգնեցանք իրողութեան մը առջեւ, որմէ այլ ելք պարզապէս չկար:   

Ինչ կը վերաբերի բուն փաստաթուղթի բովանդակութեան, ան իսկապէս վատ է մեզի համար, բայց պէտք չէ զայն աւելի վատացնել, քան է՛ խորքին մէջ: Մասնաւորապէս լուրեր կը տարածեն Մեղրին յանձնելու մասին, ինչը բացարձակ անհեթեթութիւն է: Խօսքը կ՚երթայ ընդամէնը տարածքաշրջանի փոխադրամիջոցային ուղիները ապաշրջափակելու մասին, այդ կարգին՝ Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան, բայց սա կը նշանակէ, որ պէտք է ապաշրջափակուին նաեւ Երեւանէն Նախիջեւանով Սիւնիք տանող փոխադրամիջոցային ուղիները, այդ կարգին՝ Հայաստանի երկաթուղային հաղորդակցութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ, ինչ որ էական նշանակութիւն կրնայ ունենալ մեր երկրի տնտեսութեան յետագայ զարգացման գործին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին կամ աւելի ճիշդը՝ այն հատուածին, որ կը գտնուի Արցախի իշխանութիւններուն վերահսկողութեան ներքոյ, Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահներուն տեղակայումով Լաչինի միջանցքը Գորիսէն մինչեւ Ստեփանակերտ անխափան պիտի գործէ, միաժամանակ նաեւ Շուշիի հատուածին մէջ: Ռուս խաղաղապահները պիտի ապահովեն նոյնպիսի անվտանգութիւն, եւ Ստեփանակերտ-Երեւան կապը պէտք է յուսալի ըլլայ: Խաղաղապահները պիտի ապահովեն նաեւ Արցախի այդ հատուածին սահմանային անվտանգութիւնը, այնպէս որ խաղաղապահներու տեղակայումի պարագիծէն ներս գտնուող բնակավայրերու բնակիչները պէտք է հնարաւորինս շուտ վերադառնան իրենց բնակավայրերը, եւ Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւնները ամէն ինչ կ՚ընեն՝ աւերածութիւնները հնարաւորինս արագ վերացնելու, խաղաղ եւ բնականոն կեանքի անհրաժեշտ բոլոր պայմանները ստեղծելու համար:

Սկզբունքային կարեւորութիւն ունի Ղարաբաղի հարցի վերջնական լուծումին եւ Արցախի կարգավիճակի հարցը: Այս առումով մեր ընելիքները չեն փոխուիր, եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը կը դառնայ բացարձակ առաջնահերթութիւն եւ ըստ էութեան Արցախի միջազգային ճանաչումին համար հիմա կան աւելի ծանրակշիռ փաստարկներ:  

Կ՚ուզեմ անդրադառնալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մեր յետագայ ընելիքներուն, մեր առաջնային խնդիրը երկրին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան մթնոլորտի վերականգնումն է, որ ժողովուրդի իշխանութեան ապահովման միակ երաշխիքն է: Այս պահուն մենք պէտք է սա ապահովենք առաջին հերթին, որպէսզի ժողովուրդը լիարժէք տիրապետէ իշխանութիւն ձեւաւորելու, իշխանութիւն ունենալու իր անսակարկելի իրաւունքին: Կառավարութիւնը տուրք պիտի չտայ նախկին իշխանութիւններուն կողմէ հովանաւորուող ջարդարարներու խումբերու սադրանքներուն: Տեղի ունեցած անկարգութիւններու կազմակերպիչներն ու գործուն մասնակիցներէն շատերը ձերբակալուած են, շատերը կը պահուըտին, բայց անպայման կը յայտնաբերուին եւ պատասխանատուութեան կ՚ենթարկուին:

Մեր բոլոր հայրենակիցներուն կոչ կ՚ընեմ չտրուելու սադրանքներուն եւ համախմբուելու կառավարութեան շուրջ, որ վճռական է երկիրը այս իրավիճակէն դուրս բերելու իր պատասխանատուութիւնը անմնացորդ կրելու գործին մէջ՝ միեւնոյն ժամանակ երաշխաւորելով, որ ժողովուրդին պատկանող իշխանութիւնը ոեւէ մէկը պիտի չխլէ՝ երկիրը թալանի, փտածութեան յորձանուտ վերադարձնելու իր նպատակները իրագործելու համար: Նոյն այդ թալանի ու փտածութեան դառն պտուղները կը քաղենք այսօր, երբ տասնեակ տարիներ երկրի ունեցուածքն ու եկամուտները հոսած են ձեզի յայտնի անձանց գրպանները եւ ոչ թէ բանակի զարգացման գործին:

Սիրելի՛ ժողովուրդ,

Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ,

Արցախի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ,

Սփիւռքի հպարտ հայութիւն.

Մեր երկիրը ունի ապագայ, եւ մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ մեր այս դաժան փորձութիւնը դառնայ այդ ապագային կարեւոր անկիւնաքարը, եւ մենք դասեր կը քաղենք ազգովի՝ մեր գործած սխալներէն: Շատերը կը հարցնեն, թէ արդեօք այս դաժան պատերազմէն ետք կարելի՞ է խօսիլ լաւ ապագայի մասին: Այո՛, որովհետեւ այսօր աշխարհին մէջ կան նոյնիսկ այնպիսի պետութիւններ, որոնք 20-րդ դարուն նոյն այս իրավիճակին դէմ յանդիման գտնուած են, բայց այսօր անոնք կը դասուին աշխարհի ամենահզօր երկիրներու շարքին: Անոնք այդ մէկը ըրած են դաժան պարտութենէն ետք կրթութեան, գիտութեան, արդիւնաբերութեան ու ժողովրդավարութեան զարգացման վրայ շեշտ դնելով, եւ սա պէտք է ըլլայ մեր յառաջիկայ ընելիքը: Եւ ես բոլորիս կոչ կ՚ընեմ կեդրոնանալու այս ընելիքին վրայ՝ մեր երկիրը հզօրացնելու համար: Նոյնինքն սա կ՚ըլլայ մեր լաւագոյն ծառայութիւնը մեր նահատակներուն յիշատակին, մեր վիրաւոր եւ հաշմանդամ դարձած զինծառայողներուն: Անոնց հարազատներուն, ընտանիքներուն, մայրերուն, հայրերուն, կանանց, զաւակներուն:

Անոնք, ի հարկէ, մեզի հարցում մը պիտի ուղղեն զոհուածներուն հարազատները, թէ ի վերջոյ ինչո՞ւ համար զոհուեցան իրենց հարազատները: Այս հարցումին պատասխանը սա է. առաջին հերթին Արցախի ժողովուրդը ցեղասպանութենէ փրկելու համար, հայ ժողովուրդին ապրելու իրաւունքը պաշտպանելու համար: Մենք պարտաւոր ենք մեր հայրենիքը ապրեցնելով ու զարգացնելով տէր կանգնիլ անոնց արեան, անոնց զաւակներուն ապագային, անոնց անմնացորդ նուիրումին:   

Մեր խոնարհումը անոնց առջեւ ամէնօրեայ ստեղծարար աշխատանքն է, կրթութիւնը, որ պիտի շէնցնէ մեր երկիրը:  

Եւ ուրեմն՝

Կեցցէ՛ Ազատութիւնը,

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը,

Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը,

Եւ կեցցե՛ն մեր երեխաները, որ պիտի ապրին Ազատ եւ Երջանիկ Հայաստանի մէջ:

Կը խոնարհիմ մեր նահատակներուն առջեւ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2020